ՖՐԱՆՍՈՒՀԻՆԵՐՈՒ ՈՒՏԵԼՈՒ ԿԵՐՊԸ

Բժիշկ-սննդաբան Ճէյն Քլարք բացայայտած է ֆրանսուհիներու նրբագեղ կազմուածքի գաղտնիքը: Գլխաւոր գաղտնիքը ուտելու ձեւն է: Արագ չեն ուտեր ֆրանսուհիները, որոնք կը վայելեն ճաշին ընթացքը ու հետեւանքը:

Սննդամթերքի դանդաղ ընդունումը թոյլ չի տար ֆրանսացի կանանց գիրնալու:

Ճէյն Քլարք խորհուրդ կու տայ նոյնը ընել՝ վայելել նախաճաշը, ճաշը եւ ընթրիքը, փոքր դադարներ առնել սնունդի ընդունման ժամանակ:

Սննդաբանը վստահ է, թէ որքան շատ հաճոյք ստանաք սնունդէն, այնքան աւելի երջանիկ կ՚ըլլաք, երբ կերակուրը աւարտին հասնի:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2020