Ուրբաթ 24, Յունուար 2025
ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՆՈՐ ԼՈՒՐԵՐ
Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած եւ բազմաթիւ զոհեր խլած սարսափելի պայթումին զուգահեռ՝ պատկան մարմիններու ձեռնարկած հարցաքննութիւնը կը շարունակուի։ Այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, որ Երեւանի դատախազութիւնը ստացած եւ ուսումնասիրած է՝ Հայաստանի Քննչական կոմիտէի Երեւանի բաժանմունքի ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժնէն ներս ուսումնասիրուած քրէական վառոյթի նիւթերը։
Այս բոլորի հիման վրայ պայթումի դէպքին կապակցութեամբ 4 հոգի ձերբակալուած է։ Պաշտօնական մարմինները տեղեկացուցին նաեւ, որ քրէական հարցաքննութեան մանրամասնութիւններուն վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւն պիտի փոխանցուի։
Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2022