ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ-ՊԱՔՈՒ ԲԱՆԱՎԷՃ

Պաքուի ղեկավարութիւնը երէկ խստիւ արձագանգեց Ուաշինկթընի կողմէ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի նոր համանախագահի մը նշանակման որոշումին։ Այս կապակցութեամբ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի նոր համանախագահի նշանակման վերաբերեալ յայտարարութիւնը կ՚արտացոլացնէ մօտեցում մը, որ շատ հեռու է տարածաշրջանէ ներս առկայ յետպատերազմեան իրողութիւններէն։ Պաքու այս հանգամանքը որակած է զարմանալի։

«Մինսքեան խմբակի վերաբերեալ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը բազմիցս արտայայտուած է եւ յստակ ներկայացուած՝ ամենաբարձր մակարդակով։ Գործնականօրէն չգործող Մինսքեան խմբակի վերակենդանացման փորձերը կրնան պատճառ դառնալ, որ ԱՄՆ հեռանայ Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն։ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարգաւորուած է եւ Ղարաբաղ Ատրպէյճանի անբաժանելի մասն է։ Միջազգային հանրութիւնը՝ ներառեալ մեր գործընկերները, պէտք է հասկնան, թէ Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին հետ կապելը որեւէ ձեւով չի նպաստեր կարգաւորման», նշուած է Պաքուէն հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութիւնն ալ արդէն պատասխանեց Ատրպէյճանի այս յայտարարութիւններուն։ Կլոպալ հանրային կապերու զարգացման գրասենեակի պատասխանատուներէն Վետանթ Փաթել այս կապակցութեամբ շեշտեց, որ այսուհետեւ նորանշանակ դեսպան Ֆիլիփ Ռիքեր ԱՄՆ-ը պիտի ներկայացնէ թէ՛ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին եւ թէ Ժընեւի միջազգային բանակցութիւններուն մէջ։ Պաքուի արձագանգին լոյսին տակ ամերիկացի դիւանագէտը արձանագրեց, որ Ֆիլիփ Ռիքերը նշանակելով Էնթընի Պլինքըն ընդգծած է ամերիկեան կողմին յանձնառութիւնը Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։ «Որպէս երկիր՝ մենք յանձնառու ենք դիւրացնելու ուղիղ երկխօսութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ։ Երկկողմանի կամ բազ-մակողմանի մակարդակներու վրայ, ինչպէս նաեւ համախոհ գործընկերներու հետ համագործակցութեան միջոցաւ՝ հասնելու համար անոնց միջեւ համապարփակ խաղաղ կարգաւորման», նշեց դիւանագէտը։

Միւս կողմէ, Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ ալ արձագանգ գտաւ Ուաշինկթընի եւ Պաքուի միջեւ ծագած բանավէճը։ Այսպէս Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեան ըսաւ. «Ատրպէյճանի մէջ կը կարծեն, թէ իրենք կրնան որոշել՝ ԱՄՆ Մինսքեան խմբակի համանախագահ նշանակէ՞ կամ ոչ»։

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2022