ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Ղազախիստանի Չոլփոն-Աթա քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներուն ժողովը։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս մասնակցութիւն բերաւ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի նիստին, որու շրջանակներէն ներս տեղի ունեցան նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Ժողովի ծիրէն ներս Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին կողմերը առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Հարաւային Կովկասի տնտեսական ու փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման՝ ըստ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու պայմանաւորուածութեան։ Զրոյցի ընթացքին Փաշինեան մատնանշեց, որ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ կը շարունակուի բարձր մակարդակով քաղաքական երկխօսութիւնը եւ այդ մէկը արդիւնաւէտ է։

Հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանի կողքին էր Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, իսկ Միխայիլ Միշուսթինի կողքին՝ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք։ Այս երկու փոխ-վարչապետները կը գլխաւորեն Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքի բանակցութիւնները, որոնց նպատակն է հասնիլ տարածաշրջանէն ներս ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման։

Միւս կողմէ, Միխայիլ Միշուսթին երէկ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի հետ։ Երկու վարչապետները շօշափեցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ աշխատանքներու կարեւորութիւնը։ Անոնք յայտարարեցին, որ անհրաժեշտ է Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններու կեանքի կոչուիլը։ Ասատով զրոյցի ընթացքին մատնանշեց, որ շատ բան կախում ունի տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւններէն։ Ան ընդգծեց Ռուսաստանի դերակատարութիւնը այդ հարցերու լուծման եւ եռակողմանի համաձայնագրի կնքման առումով։ Ասատովի խօսքով՝ կան նաեւ փոխադրական հաղորդակցութեան վերաբերեալ հարցեր, որոնք կը լուծուին փոխ-վարչապետներու գլխաւորած եռակողմանի աշխատանքային խումբի շրջանակներէն ներս։ «Այնտեղ լուրջ աշխատանք կ՚ընթանայ եւ կը յուսանք, թէ այդ մէկը մինչեւ վերջ կը շարունակուի», ըսաւ ան։

Իր կարգին, Ասատովի հետ զրուցելու ժամանակ Միշուսթինն ալ ընդգծեց համաձայնութիւններու եւ անոնց պահպանման կարեւորութիւնը։ Իր խօսքով՝ շատ կարեւոր է ապահովել այն բոլոր որոշումները, որոնք ընդունուած են եռակողմանի յանձնաժողովի շրջանակէն ներս՝ տարածաշրջանի լարուածութիւնը թուլացնելու համար։

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2022