ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ 19-ԱՄԵԱՅ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ շա­բա­թա­վեր­ջին հայ զի­նուոր մը եւս նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Ե­րէկ, օ­րուան ա­ռա­ջին կէ­սին Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին թի­րա­խը դար­ձաւ Սե­ւակ Խա­չատ­րեան (1997)։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, 19-ա­մեայ զի­նուո­րի նա­հա­տակ­ման դէպ­քի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պար­զե­լու նպա­տա­կով ձեռ­նար­կուե­ցաւ քննու­թեան։

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը այս առ­թիւ իր վշտակ­ցու­թիւնն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց նա­հա­տա­կեալ զի­նուո­րի ըն­տա­նի­քին, հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ծա­ռա­յա­կից ըն­կեր­նե­րուն։

Միւս կողմէ, այս դէպքին  կապակցութեամբ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի միջեւ։ Կը հաղորդուի, որ Կասպրչիկ մտահոգութիւն յայտնած է Արցախի մէջ հայ զինուորի մահուան շուրջ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2016