ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔ
Երուսաղէմի մէջ վերջերս պատահեցաւ դէպք մը, որու հետեւանքով Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքի «Ժառանգաւորաց» երգչախումբի անդամները ենթարկուեցան յարձակման։ «Արեւելք» կայքէջի հաղորդումներով, Երուսաղէմի քաղաքապատերանին կողմէ կազմակերպուած համերգի մը ընթացքին, «Լեհավա» հրէական ծայրայեղ կազմակերպութեան անդամները յարձակում գործեցին «Ժառանգաւորաց» երգչախումբի անդամներուն վրայ։ Ներկայիս ծայրայեղականներու այդ խումբի առաջնորդը՝ Պենցի Կոփշթէյն կալանաւորուած է։ Անցեալ Հինգշաբթի երեկոյեան պատահած դէպքէն վերջ երգչախումբի հայ սաները հեռացած են համերգասրահէն։ «Haaretz» թերթին կողմէ հաղորդուած մանրամասնութիւններով, հայկական երգչախումբի ելոյթին ժամանակ «Լեհավա»ի անդամները սկսած են պոռալ. «Հրեայ սպաննողնե՜ր» եւ «Վերադարձէ՛ք Սուրիա»։ Հարկ է նշել, որ «Լեհավա» կազմակերպութիւնը հանդէս կու գայ ցեղամոլական արարքներով։ Անոր անդամները մասնաւորապէս կ՚ընդդիմանան այլազգիներու հրեաներու հետ ամուսնութեան եւ Իսրայէլի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան։
Երուսաղէմի Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան այս դէպքին շուրջ յայտարարութիւններ ըրաւ «Արեւելք» կայքէջին։ Ան նշեց, թէ պատահածը անսպասելի էր եւ ոստիկանութիւնը վրայ հասնելով արդէն ձերբակալած է այդ տհաճ միջադէպին մասնակցած երկու ծայրայեղականները։ Ըստ իրեն, Սրբոց Յակոբեանց վանքի «Ժառանգաւորաց» երգչախումբը այն միակ խումբն էր, որ Երուսաղէմի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած վերոյիշեալ համերգին ընթացքին կը ներկայացնէր քաղաքի քրիստոնեաները։ Դիւանապետ Հայր Սուրբը շեշտեց, որ կազմակերպիչները շատ խիստ ոճով մը դատապարտած են պատահածը ու մտադրութիւն յայտնած՝ նոյն վայրին մէջ կրկնելու համար այդ համերգը։ Այս ուղղութեամբ հայկական երգչախումբին ուղղուած հրաւէրը կրկնուած է, սակայն Պատրիարքարանը տակաւին վերջնական որոշում մը չէ տուած մասնակցելու կամ չմասնակցելու նիւթին շուրջ։ Մինչ այդ, նոյն կազմակերպիչները դէպքէն վերջ ալ խնդրած են, որպէսզի «Ժառանգաւորաց»ի սաները մնան ու շարունակեն իրենց յայտագիրը, սակայն այդ մթնոլորտին մէջ կարելի չէ եղած առնել նման քայլ մը։