ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆԱՇԽԱՐՀԸ ՕՏԱՐ ՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ԱՉՔԵՐՈՎ

Գեղանկարիչներու «Համագործակցութեան եւ բարեկամութեան ներկապնակ» միջազգային փառատօն-ցուցահանդէսին ներկայացուեցան աշխարհի տասն երկիրներէ Հայաստան ժամանած ստեղծագործողներու վաթսուն գեղանկարչական աշխատանքներ։ Կտաւորներու մէջ պատկերուած էին հայոց բնաշխարհը, մարդիկ օտարներու ընկալմամբ։ Փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Լոռիի մարզի Օձուն գիւղի Օձուն տաճարի շրջակայքին։

«Արմէնփրէս» հաղորդմամբ, փակման հանդիսութեան ներկայ եղաւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան։ Ան իր ելոյթին մէջ ըսաւ. «Հաճելի է հոգեւոր տաճարի շրջակայքին նման ցուցահանդէսի մը ներկայ գտնուիլ։ Շնորհակալ եմ տասն երկիրներէ Հայաստան աշխարհ ժամանած նկարիչներուն, որոնք կրցան վրձնահարուածներով կտաւին յանձնել մեր հայրենիքի գեղեցկութիւնը, աշնանային գոյները»։ Այս առթիւ Արմէն Ամիրեան Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան պատուոյ գրերով պարգեւատրեց Ռուսաստանի Նկարիչներու միութեան փոխ-նախագահ Ալեքսանտր Սայքովը, Չինաստանի Նանքին քաղաքի Պետական մանկավարժական համալսարանի արուեստի բաժնի ղեկավար Լիա Չենինը, տարիներ շարունակ փառատօնի աջակից Գագիկ Աւետիսեանը։

Իր կարգին, խօսք առաւ նաեւ Լոռիի Հայրենակցական միութեան նախագահ Սերկօ Երիցեան ու ըսաւ. «Եօթ տարիէ ի վեր Հայաստանի տարբեր տարածքներէն ներս տեղի կ՚ունենայ սոյն փառատօնը։ Այստեղ ներկայացուած են աւելի քան վաթսուն կտաւներ, որոնց մէջ պատկերուած են Լոռիի բնութիւնը, եկեղեցիները, մարդիկ նկարիչներու իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ։ Մասնակիցներ կան Սպիտակ Ռուսիայէն, Ղազախիստանէն, Չինաստանէն, Հարաւային Քորէայէն եւ այլ երկիրներէ, որոնք Հայաստանէն դրական տպաւորութիւններով ու ջերմ յիշողութիւններով կը հեռանան»։

Ռուսաստանի ներկայացուցիչ գեղանկարիչ Վասիլիեւի խօսքով՝ ինք երկրորդ անգամ կը մասնակցի փառատօնին։ «Տասն օր մնացինք Օձունի մէջ ու հնարաւորութիւն ունեցանք շրջապատը մանրամասն ուսումնասիրելու։ Զիս կը զարմացնէ ձեր հայրենակիցներու հիւրասիութիւնը, անոնց մեծահոգի վերաբերմունքը մեզի նկատմամբ։ Շատ կը հաւնիմ տեղւոյն բնութիւնը ու սիրով նկարած եմ այն երկու կտաւները, որոնք ցուցադրուած են այստեղ», ըսաւ նկարիչը ու շեշտեց, որ իրեն ստեղծագործելու ազդակ եղած են բնութիւնը, մարդիկ եւ իր հոգիին դպչող որեւէ բան։

Բաց աստի, միջոցառման մասնակիցները կրկին Հայաստան գալու յոյս յայտնեցին։

Միւս կողմէ, փառատօն-ցուցահանդէսին պարային ելոյթներով հանդէս եկան Օձունի պարախումբը եւ երգչուհի Լիլիթ Պիպոյեան։

Փառատօնը կազմակերպուած էր ԱՊՀ-ի երկիրներու մարդասիրական համագործակցութեան միջպետական հիմնադրամը՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2017