ՄԱԿ-Ի ԱՄՊԻՈՆԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն։ Ան այս առթիւ ահազանգ հնչեցուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դէմ, որ կը զինէ ՓՔՔ-ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, նաեւ իր տարածքէն ներս կը պահէ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան պարագլուխը։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 73-րդ նստաշրջանի բացման առթիւ տեղի ունեցաւ Էրտողանի ելոյթը։ «Սուրիոյ մէջ մարտաւարական շահերու համար ահաբեկիչները զինողները ապագային անպայման պիտի տուժեն այս բանէն։ Մէկ կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները խրախուսել եւ գաղթականներու առջեւ դռները փակել, իսկ միւս կողմէ ամբողջ բեռը Թուրքիոյ նման քանի մը երկրի վրայ թողուլ ոեւէ մէկու ապագան աւելի անվտանգ չի դարձներ», ըսաւ Էրտողան եւ միջազգային ընտանիքը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն զգուշացուց նաեւ ՖԵԹԷՕ-ի վտանգին դէմ։

Բաց աստի, Էրտողան կանգ առաւ աշխարհի առկայ ընկերային անարդարութիւններուն վրայ։ Ան ընդգծեց նաեւ ՄԱԿ-ի բարեփոխման անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ կազմակերպութիւնը այս վիճակով կը ծառայէ միայն Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ հինգ երկիրներու շահերուն։

Կը հաղորդուի, որ Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։

Հանրապետութեան նախագահը Նիւ Եորքի շփումները աւարտելէ վերջ, Թուրքիա վերադառնալէ առաջ պիտի այցելէ Գերմանիա։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2018