ՆԱԽԿԻՆ ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏ ՀԱՅԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ԿԱՍԿԱԾԵԼԻ ՄԱՀԸ ՆՈՐ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ԲԵՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ
Հայաստանի նախկին ոստիկանապետ Հայկ Յարութիւնեանի դիակին գտնուիլը վերջին օրերուն շատ լայն արձագանգ ստեղծեց երկրի ներքին կեանքէն ներս։ Տակաւին յայտնի չէ, որ ինչ հանգամանքներու մէջ մահացած կամ սպաննուած է Հայկ Յարութիւնեան եւ այդ բոլորը պարզելու համար Հայաստանի Քննչական կոմիտէն ձեռնարկած է քննութեան։ Հարկ է նշել, որ Հայկ Յարութիւնեան ընդգրկուած էր 1 մարտ 2008 թուականին պատահած արիւնալի դէպքերու հարցաքննութեան ծիրին մէջ։ Ծանօթ է, որ այդ հարցաքննութեան բերումով ներկայիս բանտարկուած են երկրի երկրորդ նախագահը՝ Ռոպերթ Քոչարեան եւ բազում նախկին պաշտօնատարներ։ Այդ շարքը երէկուան դրութեամբ համալրուեցաւ նաեւ նախկին պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ։
Այս իրավիճակին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայկ Յարութիւնեանի հոգեհանգիստը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան, ոստիկանապետի պաշտօնակատար Արման Սարգսեան, Սահմանադրական ատեանի նախագահ Հրայր Թովմասեան եւ այլ պաշտօնատարներ։ Հայկ Յարութիւնեանի յուղարկաւորութիւնն ալ տեղի կ՚ունենայ այսօր։