ՀԱՅԵՐԷՆ ՍՐԲԱԳՐԻՉ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ iOS համակարգի հայերէն ուղղագրիչը արդէն տրամադրելի է եւ անվճար ներբեռնելի App Store-էն։ Քանի մը ամիսէն պատրաստ պիտի ըլլայ նաեւ Android համակարգի ուղղագրիչը։

Հայերէն լեզուն կենսունակ պահելու եւ թարմացնելու մեր յարատեւ ջանքերուն պարունակին մէջ, Նայիրիստեղն-ը - iOS-ի ստեղնաշար-ուղղագրիչը - անհրաժեշտ քայլ մըն է։ Ան կ՚ամրապնդէ հայերէնի տեղը թուային աշխարհին մէջ, ըլլալով ա՛յն գործիքը, որ կը դիւրացնէ հայերէնի գործածութիւնը տարբեր հարթակներու վրայ, ընկերային եւ հաղորդակցութեան զանազան ցանցերու մէջ (Facebook, Instagram, Whatsapp եւ Messenger), ինչպէս նաեւ Pages, Notes եւ աւելին։

Այս անկիւնադարձային եւ ան-հըրաժեշտ գործիքը ստեղծուած է Nayiri.com-ի կողմէ եւ կառուցուած է HySpell-ի հիմքերուն վրայ։ Այս առաջին թողարկումով, Նայիրիստեղն-ը կը բանի դասական ուղղագրութեամբ, հայերէնի երկու լեզուաճիւղերուն համար՝ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն։ Ուղղագրիչը կը ներառէ աւելի քան 150 հազար բառոյթ, որուն շնորհիւ կը ճանչնայ հինգ միլիոն բառաձեւէ աւելի։ Առկայ ստեղնաշարը պատրաստը-ւած է արեւմտահայերէնի համար։ Յառաջիկայ թողարկումները պիտի ընդգրկեն տարբեր ստեղնաշարեր, ներառեալ հայաստանեան ուղղագրութեան համար:

Հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի խօսքերով՝ «Արհեստագիտութեան եւ լեզուի կապակցութիւնն է, որ հայերէնը կենսունակ, գրաւիչ եւ 21-րդ դարուն առընչելի պիտի պահէ։ Վստահ ենք, որ ուղղագրիչը պիտի մղէ, որ շատ մարդիկ ամէնօրեայ դրութեամբ հայերէն գրեն։ Շնորհակալ ենք Nayiri.com-ին այս բարդ գործը ստանձնելու եւ կատարելու համար»։

 Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ gulbenkian.pt/armenian-communities/

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020