ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՎՈՒՉԻՉԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչը։ «Վահտետտին» ապարանքէն ներս տեղի ունեցաւ երկու նախագահներու հանդիպումը, որու ընթացքին շօշափուեցան Անգարա-Պելկրատ համագործակցութեան օրակարգային հարցերը եւ կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու շուրջ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ալեքսանտր Վուչիչ նշեց, որ Թուրքիա տարածքաշրջանէ ներս կարեւոր ազդեցութիւն մը ունի եւ իրենք կը փափաքին ապագային յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի զարգացնել։ Վուչիչ նշեց, որ Թուրքիոյ եւ Ուքրայնոյ միջեւ գերազանց հաղորդակցութիւն մը հաստատուած է։ Թուրքիա աշխարհագրական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ առումներով ունի շատ մեծ ներուժ մը, ուստի Սերպիոյ տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն անոր հետ յարաբերութիւնները։ Պելկրատի ղեկավարութիւնը կը ձգտի բարեկամական յարաբերութիւնները պահպանել եւ ապագային ա՛լ աւելի զարգացնել։

Էրտողան-Վուչիչ ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են Թուրքիա-Սերպիա-Պոսնա Հերսեք եռակողմանի գագաթային հանդիպումները։ Սերպիայէ ներս նախատեսուած ենթակառուցուածքային շինարարութիւններու նիւթերն ալ շօշափուած են երկու նախագահներուն կողմէ։ Այս շրջանին Սերպիայէ ներս կը նախատեսուի համատեղ արդիւնաբերութեան գօտիի մը ստեղծումը, ինչ որ Էրտողանի եւ Վուչիչի զրոյցին ժամանակ եկած է օրակարգի վրայ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020