ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Նիւ Եորքի մէջ վերջերս ոգեկոչուեցաւ ամերիկահայ բարեյիշատակ ազգային գործիչ տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան Մայր տաճարին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի՝ մահուան երկրորդ տարելիցին առթիւ։ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն առընթեր հոգեհանգստեան պաշտօնին մասնակցեցան ամերիկահայ ազգային զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, կուսակցական գործիչներ, արուեստագէտներ, որոնք բոլորն ալ Յովհաննէսեան ընտանիքի հարազատները ջերմօրէն շրջապատեցին՝ համախմբուելով հանգուցեալի բարոյական ներկայութեան շուրջ։ Հոգեհանգստեան պաշտօնը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի բոլորը հերթական անգամ վերյիշեն տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի երախտաշատ գործունէութիւնը, որու նշանակութիւնը իսկապէս բարձր եղած էր տասնամեակներ շարունակ՝ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան խթանման եւ ամերիկահայ կեանքի կենսունակութեան տեսակէտէ։

Հոգեհանգստեան պաշտօնին նախագահեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ այս առթիւ յատկապէս Հռոմէն Նիւ Եորք մեկնած էր։ Նորին Սրբազնութիւնը Նիւ Եորքի մէջ որպէս առաջնորդ պաշտօնավարած երեք տասնամեակներուն սերտ գործակցութիւն եւ ջերմ մարդկային յարաբերութիւններ մշակած էր ոգեկոչեալ բժիշկին հետ։ Ան հոգեհանգստեան պաշտօնին ընթացքին ներկայացուց տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի ազգային բեղուն գործունէութիւնն ու եկեղեցական բազմակողմանի ծառայութիւնները։ Արարողութեան ընթացքին ընթերցուեցաւ նաեւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան գիրը։

Եկեղեցականներու առընթեր զանազան գիտնականներ եւս սրտի խօսքերով ոգեկոչեցին հանգուցեալ Ռաֆֆի Յովհաննէսեանը։ Արտայայտուեցան նաեւ հանգուցեալ բժիշկի որդին՝ տքթ. Արմէն Յովհաննէսեան, դստրերը Անի եւ Այլին, ինչպէս նաեւ թոռնիկը՝ Արա Գասպարեան։

Կրօնական արարողութենէն վերջ, առաջնորդարանի յարակից «Գավուքճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն մասնակցեցաւ շուրջ 500 հոգի։ Ոգեկոչեալ ողբացեալ բժիշկի այրին՝ Շողակ Յովհաննէսեան եւ հարազատները շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնք իրենց անմոռանալի յիշատակները վերյիշեցին տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի հետ, ինչ որ հանգուցեալի ընտանիքին համար իսկապէս մխիթարութիւն մըն էր։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022