ԶԵՓԻՒՌ ՃԵՐԱՀԵԱՆԻ ՑուցահանդէսԸ

Ուր­բաթ, Հոկ­տեմ­բե­րի 28-ին, Կլեն­տէյ­լի մէջ, Գա­լի­ֆոր­նիա, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Զե­փիւռ Ճե­րա­հեա­նի անդ­րա­նիկ ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին բա­ցու­մը, Հայ­կա­կան ա­րուեստ­նե­րու ցու­ցաս­րա­հին մէջ։ Զե­փիւռ Ճե­րա­հեա­նի սոյն ցու­ցա­հան­դէ­սը նուի­րուած է գաղ­թա­կա­նա­կան տագ­նա­պին, գաղթականներու ոդիսա­կանին, յատ­կա­պէս՝ Սու­րիոյ տագ­նա­պի լոյ­սին տակ։ Ա­նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց նիւ­թը գաղ­թա­կա­նու­թեան ա­նո­րո­շու­թեան մատ­նուած կի­ներ ու ե­րա­խա­ներ են։ Ա­րուես­տա­գէ­տը այս շար­քի պատ­րաս­տու­թեան հա­մար կա­տա­րած ու­սում­նա­սի­րու­թեան ըն­թաց­քին տե­ղեակ դար­ձած է, թէ առ­նուազն 65 մի­լիոն գաղ­թա­կան­ներ կան աշ­խար­հի տա­րած­քին, եւ ա­նոնց 54 տո­կո­սը կու գայ ե­րեք եր­կիր­նե­րէ՝ Սո­մա­լի, Աֆ­ղա­նիս­տան եւ Սու­րիա։ Այդ գաղ­թա­կան­նե­րուն տա­ռա­պան­քը լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լու նպա­տա­կով՝ «Չլսուող ձայ­ներ. Գաղ­թա­կան կի­ներ եւ ե­րա­խա­ներ» խո­րագ­րուած է ե­ռօ­րեայ ցու­ցա­հան­դէ­սը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016