ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ԹԻՖԼԻԶ ԱՅՑԸ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալպան­տեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Թիֆ­լիզ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ ան ներ­կայ կը գտնուի Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ծրագ­րին մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ան­պաշ­տօն բնոյ­թով հան­դիպ­ման։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, կը նախա­տե­սուի, որ մին­չեւ տա­րե­վերջ ԵՄ-ի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ սկսին բա­նակ­ցու­թիւն­ներ՝ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նոր ձե­ւա­չափ մը յղա­նա­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, Պրիւք­սէ­լի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ ԵՄ-ի Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ծրագ­րին մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու ա­ւագ պաշ­տօ­նեա­նե­րուն հան­դի­պու­մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան ԵՄ-ի ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու եւ յի­շեալ ծրագ­րին ներգ­րա­ւուած վեց գոր­ծըն­կեր եր­կիր­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Տա­րե­կան այս նիս­տին մաս­նակ­ցած հայ­կա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը գլխա­ւո­րեց Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կա­րէն Նա­զա­րեան։ ԵՄ-ի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան նո­րան­շա­նակ տնօ­րէն Թո­մաս  Մէյր-Հար­թին­կի նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած ժո­ղո­վի նպա­տակն էր քննար­կել Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ար­դիւնք­նե­րէն բխած քայ­լե­րը եւ Եւ­րո­պա­կան հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­նայ­ման գոր­ծըն­թա­ցը։

Կա­րէն Նա­զա­րեան հա­ւա­քոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը, ո­րու ըն­թաց­քին գո­հու­նա­կու­թեամբ նշեց, թէ Ե­րե­ւա­նի ա­ռա­ջարկ­նե­րը տեղ գտած են Եւ­րո­պա­կան հա­րե­ւա­նու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կուե­լուն ուղ­ղեալ փաս­տա­թուղ­թին մէջ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ան մաս­նա­ւո­րա­պէս կա­րե­ւո­րեց ԵՄ-ի կող­մէ գոր­ծըն­կեր պե­տու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ տար­բե­րա­կուած մօ­տեց­ման որ­դեգ­րու­մը, ինչ որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ լիո­վին օգ­տա­գոր­ծե­լու կող­մե­րու նե­րուժն ու կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը՝ փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող բո­լոր ո­լորտ­նե­րէն ներս ԵՄ-ի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը յա­ռաջ մղե­լու հա­մար։ Կա­րէն Նա­զա­րեան կա­րե­ւո­րեց զա­նա­զան հա­մարկ­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խթա­նու­մը։

Պրիւք­սէ­լի հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Հա­յաս­տան-ԵՄ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն, նե­րա­ռեալ՝ նոր ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թի մը շուրջ Ե­րե­ւա­նի եւ Պրիւք­սէ­լի մի­ջեւ սկսե­լիք բա­նակ­ցու­թիւն­ներն ու ԵՄ-ի շարք մը ծրագ­րե­րուն Հա­յաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը նաեւ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին Թիֆ­լի­զի այ­սօ­րուան ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին շուրջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015