ԸՆԴԼԱՅՆՈՒԱԾ ՏԱՐԲԵՐԱԿ

Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս լոյս ընծայած է յայտնի մտաւորական Այհան Աքթարի կողմէ հեղինակուած հատոր մը, որ կը կոչուի՝ «Ունեւորութեան տուրքն ու թրքացման քաղաքականութիւնները»։ Այհան Աքթար ծանօթ ակադեմական մըն է, որ երկար ժամանակէ ի վեր բազմակողմանի գիտական գործունէութիւն կը ծաւալէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն վերաբերեալ նիւթերուն շուրջ։ Ան նախապէս համանուն գիրք մը լոյս ընծայած է «Իլեթիշիմ» հրատարակչութենէն եւ 2000-2018 թուականներուն այդ մէկը ունեցած է 13 տպագրութիւն։ Այժմ «Արաս»ի կողմէ հրատարակուածը այդ գործի ընդլայնուած տարբերակն է, որ ճոխացուած է հեղինակի այլ յօդուածներով, տեսանիւթերով եւ յարակից վաւերաթուղթերով։ Ուստի, այս ընդլայնուած տարբերակը համապատասխան նիւթերու շուրջ աշխատողներու կամ այդ նիւթերու հետաքրքիրներուն տեսակէտէ իսկական սկզբնաղբիւր մը դարձած է՝ մանաւանդ, որ 1996-2011 թուականներուն Այհան Աքթարի կողմէ ստորագրուած 10 յօդուածներու ընտրանիով մը համալրուած է։ Բնականաբար, ընդլայնուած տարբերակի պատրաստութեան ժամանակ եղած են կարգ մը չնչին փոփոխութիւններ ու խմբագրման տեսակէտէ անհրաժեշտ կարգ մը միջամտութիւններ։

Գիրքի բովանդակութեան մէջ տուեալ հարցը մատուցուած է պատմական խոր համայնապատկերի մը վրայ։ Արդարեւ, ուսումնասիրութեան սկզբնաւորութիւնը կը հասնի մինչեւ Օսմանեան խորհրդարանը եւ այնտեղ հայկական հարցի վերաբերեալ ծաւալուած վիճաբանութիւնները, 1918 թուականին։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021