​ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ԶՐՈՅՑԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարար Եաիր Լափիտի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ իրականացուած վերջին յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը։ Նախարարները քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւններու այժմու ընթացքն ու հեռանկարները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սուրբ Երկրէ ներս հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ հարցերու։

Իսրայէլի մէջ վերջերս իշխանութեան գլուխ եկած է նոր կառավարութիւն մը, որու ձեւաւորումէն վերջ երէկուան հեռախօսազրոյցը եղաւ Հայաստանի հետ հիմնական առաջին շփումը։  

Իսրայէլ այն հիմնական երկիրներէն մին է, որ զէնք ու ռազմամթերք կը տրամադրէ Ատրպէյճանին, ինչ որ բաւական սուր դրսեւորում ունեցած էր Արցախի երկրորդ պատերազմին ժամանակ։ Ան տարածաշրջանէ ներս, ըստ էութեան, կը թիրախաւորէ Իրանը եւ այս հանգամանքը հասարակաց գետին մը դարձած է Ատրպէյճանի հետ սերտ համագործակցութեան առումով։

Միւս կողմէ, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ազգապատկան կալուածներէն «Կովերու պարտէզ»ի վերաբերեալ վերջին աղմկարար գործարքն ալ ստացած է քաղաքական երանգ՝ մանաւանդ, որ Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավարութիւնը այս հարցին շուրջ դիմած է Երեւանի ղեկավարութեան՝ անհանգստութիւն յայտնելով, որ վերոյիշեալ գործարքը Սուրբ Քաղաքի աւանդական հաւասարակշռութիւնները կը խախտէ ի նպաստ Իսրայէլի։

Արարատ Միրզոյեան Եաիր Լափիտի հետ տեսակցելէ օր մը առաջ ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ։ Այս վերջինը երէկ յայտարարեց, որ Թեհրան դէմ է տարածաշրջանի երկիրներու սահմաններու որեւէ ձեւով փոփոխութեան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26, 2021