ՆՈՐ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թիֆլիզ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Երէկ, Սերժ Սարգսեան Թիֆլիզի մէջ պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորուեցաւ Վրաստանի նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլիի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ երկու առաջին տիկինները։ Այցելութեան ընթացքին նախագահ Սարգսեանին ընկերացաւ բարձրաստիճան պաշտօնատերներէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը։

Վրաստանի նախագահի ապարանքէն ներս Սարգսեան եւ Մարկվելաշվիլի ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Սերժ Սարգսեան եւ Կիորկի Մարկվելաշվիլի հանդէս եկան նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։ Նախագահ Կիորկի Մարկվելաշվիլի եւ Առաջին տիկին Մաքա Չիչուա երեկոյեան պաշտօնական ընթրիք մը սարքեցին՝ ի պատիւ Սերժ եւ Ռիթա Սարգսեան ամոլին։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Կիորկի Մարկվելաշվիլի ողջունեց Սերժ Սարգսեանի Թիֆլիզ այցելութիւնը՝ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Սարգսեան եւ Մարկվելաշվիլի կարեւորեցին տարածքաշրջանային անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը, տարածքաշրջանի երկիրներու բարեկեցութիւնը, տնտեսութիւններու զարգացման համար բարենպաստ պայմաններու ապահովումը։ «Մենք քննարկեցինք Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերը։ Այս համատեսքին մէջ կարեւորեցինք իրարու համար զգայուն հարցերու նկատմամբ հաւասարակշռուած եւ շինիչ մօտեցումներու պահպանումը։ Մենք միակարծիք ենք, թէ հակամարտութիւններու համապարփակ եւ երկարաժամկէտ կարգաւորումը հնարաւոր է բացառապէս խաղաղ ճանապարհով՝ համաձայնեցուած շրջանակներէ ներս եւ միայն ու միայն բանակցութիւններու միջոցաւ», յայտարարեց Սերժ Սարգսեան Թիֆլիզի մէջ։

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Թիֆլիզի մէջ յայտնեց, որ Հայաստան Վրաստանի հետ իր յարաբերութիւնները կը կառուցէ ժամանակի ոգիին եւ հարեւանութեան հարուստ ժառանգութեան համահունչ ձեւով։ Կողմերու համագործակցութիւնը ունի նոր բովանդակութիւն մը։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան ուրախութիւն յայտնեց, որ Հայաստան-Վրաստան աւանդական բազմաշերտ կապերը այսօր կը հարստանան կարեւոր ձեռքերումներով՝ բազմաթիւ բնագաւառներէ ներս։

Բաց աստի, երէկ երեկոյեան Սերժ եւ Ռիթա Սարգսեան ամոլը Թիֆլիզի մէջ այցելեց «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոնը։ Հայ Առեքեական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանի գլխաւորութեամբ ան այս կեդրոնէն ներս տեսակցեցաւ վրացահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս առաւօտ ան այցելեց նաեւ Վիրահայոց Թեմի Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցին։

Աւելի վերջ Սերժ Սարգսեան տեսակցեցաւ համայն Վրաստանի Կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ.-ի հետ։  

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2017