ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԲՐԻՏԱՆԻԱ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյին յայտնած է, որ 2018-ին աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Լոնտոն, սակայն պիտի չհանդիպի Էլիզապեթ Բ. թագուհիին հետ:

Բրիտանական «Տը Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այցելութիւնը հաւանաբար պիտի կայանայ Փետրուարի վերջը: Այցելութեան ընթացքին 71-ամեայ Թրամփ պիտի մասնակցի Լոնտոնի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր՝ աւելի քան 1 միլիառ տոլար արժողութեամբ դեսպանատան բացման արարողութեան:

Աղբիւրը կը յայտնէ, որ Թրամփի եւ Էլիզապեթ Բ. թագուհիի հանդիպումը պիտի չկայանայ, որովհետեւ նախագահը կ՚այցելէ ոչ թէ պետական, այլ աշխատանքային այցելութեամբ:

Բրիտանիոյ վարչապետը անցեալ ձմրան Թրամփը հրաւիրած էր Բրիտանիա՝ պետական այցելութեամբ, սակայն ատկէ ետք Միացեալ Նահանգներու նախագահին վարած քաղաքականութեան պատճառով երկու ղեկավարներու միջեւ շարք մը լուրջ տարակարծութիւններ յառաջացած են:

Բացի ատկէ, Բրիտանիոյ քաղաքացիները չեն ուզեր, որ Թրամփ իրենց երկիրը այցելէ, եւ կը սպառնան զանգուածային բողոքի ցոյցեր կատարել: Անոնք նոյնիսկ ստորագրահաւաքի սկսած են Միացեալ Նահանգներու նախագահի այցելութիւնը կանխարգիլելու համար:

Նախապէս Լոնտոնի քաղաքապետ Սատիք Խան յայտարարած էր, որ երկրին իշխանութիւնները պէտք չէ կարմիր գորգ փռեն ու հանդիսաւոր կերպով ընդունին Թրամփը, որովհետեւ ան խտրական մօտեցում կը ցուցաբերէ գաղթականներուն եւ իսլամներուն նկատմամբ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2017