ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԽՆԴԻՐԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ամանորի առթիւ այցելութիւն մը տուաւ երկրի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առթիւ ան յայտնեց, որ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտէն ներս մեծագոյն խնդիրը կը համարէ միջազգային հանրութեան շրջանակներէ ներս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի էութեան վերաբերեալ տեղեկացուածութեան մակարդակի բարձրացումը։

Նախարարութենէն ներս Նիկոլ Փաշինեան երէկ մէկտեղուեցաւ հայկական դիւանագիտական անձնակազմի վերնախաւին հետ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այս առթիւ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Իր ելոյթին մէջ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ըսաւ.

«Կը կարծեմ՝ յառաջիկայ շրջանի համար մեր մեծագոյն խնդիրը հետեւեալն է. միջազգային հանրութեան շրջանակներէն ներս բարձրացնել Լեռնային Ղարաբաղի հարցի էութեան վերաբերեալ տեղեկացուածութիւնը։ Որովհետեւ, դժբախտաբար, այնուամենայնիւ, միշտ չէ եւ ամէնուր չէ, որ մենք կը հանդիպինք այդպիսի տեղեկացուածութեան։ Սա խնդիր մըն է, որ իսկապէս մեզի համար ունի ազգային անվտանգութեան նշանակութիւն։ Մենք պէտք է համոզուած ըլլանք, թէ միջազգային հանրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հարցը կ՚ընկալէ այնպէս, ինչպէս ան կայ իր էութեան մէջ։ Դժբախտաբար, մենք այսօր նման արձանագրում չենք կրնար ընել ամէն տեղ եւ պէտք է այս ուղղութեամբ շատ լուրջ աշխատիլ»։

Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, յաջորդ խնդիրը Հայաստանի նոր իմաժը օգտագործելն է երկրի ներդրումային աշխուժութիւնը խթանելու համար։ Այս ուղղութեամբ ալ դիւանագիտական անձնակազմի դերակատարութիւնը շատ մեծ է ու կարեւոր։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2018