ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը Ամանորի ներկայ շրջանին ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր գիրք մը։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ լոյս ընծայուած է Տ.Տ. Մատթէոս Ա. Կոստանդնուպոլսեցի Կաթողիկոսի (1858-1865) «Հայելի աստուածային շնորհաց» աշխատութեան։ Սա այս գործի գրաբարէ աշխարհաբարի փոխադրութիւնն է եւ այդ գործը իրականացուած է երէցկին Լիլիթ Յակոբեանի կողմէ։ Գիրքի խմբագիրն է Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։
Նշեալ երկը հայ եկեղեցական մատենագրութեան գոհարներէն մին է։ Այնտեղ յստակ արտայայտուած են Հայոց Հայրապետի աստուածաբանական միտքն ու իւրօրինակ մօտեցումները։ Աշխատութիւնը իրաւամբ քրիստոնէական անսասան հաւատի եւ հոգեւոր գիտելիքներու հայելի մըն է, ուր արտացոլուած է եկեղեցական նշանաւոր հայրերու աստուածաբանութիւնը, միեւնոյն ժամանակ ներկայացուած են նաեւ հայ ժողովուրդի ծննդաբանութիւնն ու ազգային հարստութիւնները։ Գիրքին մէջ, Հայոց Հայրապետի համոզումներուն զուգահեռ՝ այդ բոլորը կը մատուցուին՝ որպէս աստուածային առատ շնորհներու արդիւնք։
Գիրքը բաղկացած է երեք պրակէ։ Փոխադրութեան ընթացքին անոր կառուցուածքային բաժանումները որեւէ փոփոխութեան չեն ենթարկուած եւ ամբողջութեամբ կը համապատասխանեն բնագրին։