ՊԵՐՃՈՒՀԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

Մեր թատերական աշխարհի յայտնի աստղերէն Պերճուհի Պէրպէրեան ներկայ Ամանորի սեմին ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «İster Ağla İster Gül: Sahne Tozlu Anılarım»։ Երկար տասնամեակներ Պերճուհի Պէրպէրեան գործունէութիւն ծաւալած է՝ որպէս դերասանուհի եւ բեմադրիչ։ Մեր բեմերուն վրայ ան նուաճած է գագաթներ եւ ներկայ գիրքով ան հրամցուցած է բազում վկայութիւններ եւ յուշեր։ Սա թէեւ Պերճուհի Պէրպէրեանի առաջին գիրքը չէ, սակայն իսկապէս ունի եզակի բնոյթ մը։ Արդարեւ, իր հեղինակած գործը չի սահմանափակուիր միայն անձնական հանգամանքներով, այլեւ՝ լոյս կը սփռէ պոլսահայութեան արդի տարեգրութիւններու թատերա-գեղարուեստական կեանքի կարեւոր էջերուն վրայ։

Նախընթաց օր Պերճուհի Պէրպէրեանի այս գիրքին համար տեղի ունեցաւ առցանց շնորհանդէս մը։ Համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն բերումով թէեւ հետաքրքիրները ֆիզիքապէս նոյն երդիքին տակ չհամախմբուեցան, սակայն, հեռավար գինեձօնը փայլուն յաջողութեամբ պսակուեցաւ։ Պերճուհի Պէրպէրեան յաջողեցաւ իր արտայայտութեան կարողութիւններով, դերասանական վարպետութենէ բխած հաղորդակցական ընդունակութիւններով անբացատրելի մթնոլորտ մը ստեղծել, մագնիսացնել բոլորի ուշադրութիւնը։

Հեռավար ծանօթացման հաւաքոյթը սկսաւ  Տույկու Տալեանօղլուի ողջոյնի խօսքով։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, եղած է գիրքին խմբագիրը։ Բացման փուլին Տալեանօղլու մատնանշեց, որ երկար պատրաստութիւններու, բծախնդիր աշխատանքի եւ մեծ վաստակի մը պտուղը եղած է այս նոր գիրքը։ Աւելի վերջ ան հեռավար զրոյց մը ունեցաւ հեղինակին՝ Պերճուհի Պէրպէրեանի հետ։ Իսկապէս բովանդակալից զրոյց մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին Պերճուհի Պէրպէրեան ամփոփեց իր 35-ամեայ թատերական գործունէութիւնը։ Ան դիտել տուաւ, որ ինք այսպէսով ներկայացուցած է պոլսահայութեան միութենական, սիրողական թատերախումբերու անցեալը։ Այսպէս, հեղինակը միայն յուշերու վրայ կանգ չէ առած, այլեւ՝ ընթերցողներուն հետ բաժնած է նաեւ ներքին-խոհանոցային մանրամասնութիւններ։ Իրականութեան մէջ, Պերճուհի Պէրպէրեան բաւական արագ կ՚արտադրէ իր գիրքերուն համար, այս վերջնոյն պատրաստութիւնը տեւած է շուրջ եօթ տարի։

Նոր գիրքին մէջ Պերճուհի Պէրպէրեան յուշերը ներկայացուցած է ժամանակագրական ձեւով։ Բնականաբար, այս գործի ամբողջին մէջ ան պատկառելի բաժին մը յատկացուցած է իր հոգելոյս ամուսնոյն՝ անմոռանալի վարպետ Արթօ Պէրպէրեանին, որ պոլսահայ արդի թատրոնի ջահակիրներէն կը համարուի։ Պերճուհի Պէրպէրեան կանգ առած է Արթօ Պէրպէրեանի կողմէ մեր թատերական աշխարհին բերուած նպաստին եւ յանձն առնուած անհաւատալի զոհողութիւններուն վրայ։ Շնորհանդէսի ընթացքին ալ հեղինակը բացատրեց, որ սիրողական թատրոնը, իրականութեան մէջ, գործնականօրէն որեւէ տարբերութիւն չունի արհեստավարժ թատրոնէն։ Միակ տարբերութիւնը այն է, որ մարդիկ հասոյթ ունենալու համար հանդէս չեն գար։ Այս առումով Պերճուհի Պէրպէրեան պնդեց, որ իրենք շատ աւելի լաւն էին։ Սիրողական, միութենական թատերախումբերը զուտ զուարճանքի մը համար աշխատանք չէին տաներ։ Զրոյցի տեւողութեան Պերճուհի Պէրպէրեան բացատրեց, որ միջմիութենական մրցակցութիւն մըն ալ կ՚ապրուէր թատերական ծրագիրներու բերումով։ Ան ընդգծեց, որ ինք գրեթէ բոլոր միութիւններու բեմերուն վրայ հանդէս եկած է։ Շնորհանդէսը թէեւ առցանց էր, սակայն բոլորը Պերճուհի Պէրպէրեանի զգացումներու խտութեան հաղորդ կրցան դառնալ այն պահերուն, երբ ան վերյիշեց անդարձ բաժնուած իր բեմակից ընկերները։

Շուրջ երկու ժամ տեւեց այս հեռավար շնորհանդէսը, որուն հետեւեցան նաեւ Իսթանպուլէ դուրս հետաքրքիրներ։

Երէկուան դրութեամբ արդէն հրապարակի վրայ դրուած է Պերճուհի Պէրպէրեանի նոր գիրքը, որ հրատարակուած է «Պողազիչի» համալսարանի գեղարուեստից հաւաքականութեան (BGST) հրատարակչութեան կողմէ։

Հարկ է նշել, որ գիրքի շնորհանդէսն ալ մաս կազմեց Իսթանպուլի 28-րդ սիրողական թատրոնի օրերու ծրագրին, «Kültürel Çoğulcu Tiyatro» ձեռնարկներու շարքի ամբողջին մէջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020