ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՋԱՆԱՅ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻ ՊԱՀԱՆՋԸ ՎԻԺԵՑՆԵԼ՝ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼՈՎ

Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քաղաքական ուժերը խորհրդակցութիւններու հրաւիրեց՝ 2021 թուականին արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկելու համար։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի ծանր հետեւանքներու մթնոլորտին մէջ շաբաթներէ ի վեր կը պահանջուի Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը՝ մինչ իրեն նկատմամբ վստահութիւնը նուազագոյնէն ալ աւելի ցած է։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը եւ հասարակական-քաղաքական ուժերու գերակշիռ մեծամասնութիւնը օրերէ ի վեր յամառօրէն կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը, սակայն ան կը ձեւացնէ անտեսել։ Ան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառման մէջ նշեց, որ այժմ ակնյայտ է, թէ իր հրաժարականի պահանջով ընդդիմութեան ձեռնարկած շարժումը չէ արժանացած ժողովուրդի աջակցութեան։ Այս պնդումին առընթեր, Փաշինեան նշեց, որ այս բոլորը որեւէ ձեւով չի փոխեր ժողովուրդին առջեւ կանգնելու եւ ժողովուրդին պատասխան տալու՝ իր ղեկավարած քաղաքական խումբի եւ իր անձնական յանձնառութիւնը։ Փաշինեան պնդեց նաեւ, որ կարչած չէ վարչապետի աթոռէն։ Ըստ իրեն, երկրի ճակատագիրը պէտք է որոշէ ժողովուրդը՝ իր կամքի ազատ արտայայտութիւնով։ «Որպէս վարչապետ՝ ես ինքզինքս կը համարեմ այդ կամքի ազատ արտայայտման երաշխաւորը։ Պատրաստ եմ նաեւ ժողովուրդի որոշումով թողել վարչապետի պաշտօնը։ Եւ վարչապետի պաշտօնը կրնամ թողել միայն ժողովուրդի որոշումով», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ պատրաստ է ժողովուրդի վստահութեան վերահաստատման պարագային ապագային ալ պաշտօնավարելու՝ այս դժուարին ժամանակներուն։ Հուսկ, բոլոր հարցադրումներու պատասխանը ստանալու համար Փաշինեան միակ տարբերակը կը համարէ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնը։

Շաբաթներէ ի վեր Նիկոլ Փաշինեան իր հրաժարականի պահանջին վերաբերեալ վէճին առանցքը կը շեղեցնէ հիմնաւորումներու տեսանկիւնէն։ Արդարեւ, իր հրաժարականը քաղաքականօրէն անհրաժեշտ կը համարուի՝ նախ եւ առաջ պատերազմի ձախողման հաշիւը մաքրելու համար։ Յաջորդ քայլափոխին է, որ երկիրը արդէն արտահերթ ընտրութեան պիտի երթայ, բնականաբար։ Իսկ Փաշինեան կը ձգտի առանց հրաժարելու երթալ արտահերթ ընտրութեան, ինչ որ խոտոր կը համեմատի ստեղծուած իրադրութեան ընդհանուր տրամաբանութեան։ Առանց պատերազմի ձախողման հաշիւը քաղաքականապէս փակելու, արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկելը Հայաստանի առկայ խնդիրներու լուծման ենթագետինը դժուար թէ պատրաստէ։ Փաշինեանի նկատմամբ հանրային վստահութիւնը խախտած է եւ այս ճակատագրական փուլին իրեն գլխաւորութեամբ ընտրութեան մը կազմակերպումը հեռու կրնայ մնալ բաւարար վստահութիւն ներշնչելէ։

Այս եւ նման հարցականներու մթնոլորտին մէջ կը շարունակուին Հայաստանի ներքին քաղաքական խմորումները։ Ընդդիմութեան վերջին օրերու ցոյցերու թափին որոշ չափով իջած ըլլալը չի հերքեր այն ճշմարտութիւնը, թէ ստեղծուած կացութիւնը գրաւի տակ կը պահէ Հայաստանի ապագան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020