ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ՎՃՌԱԿԱՆ ՁԱՅՆ

Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի յաղ­թա­հար­ման ուղ­ղեալ ո­րո­նում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին մի­ջազ­գա­յին հար­թու­թեան վրայ։ Ներ­կա­յիս այս շրջագ­ծով ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ է Ժը­նե­ւի մէջ նա­խա­տե­սուած մի­ջազ­գա­յին խորհր­դա­ժո­ղո­վը, որ պի­տի հա­մախմ­բէ Սու­րիոյ ընդ­դի­մու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Վեր­ջին օ­րե­րուն ո­րոշ չա­փով յա­պա­ղած այս հա­մա­ժո­ղո­վի յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­մը կը նա­խա­տե­սուի, սա­կայն մի­ջազ­գա­յին դե­րա­կա­տար­նե­րը կը դժուա­րա­նան հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րար­ներ գտնել՝ տա­կա­ւին նա­խա­պատ­րաս­տա­կան հանգ­րուա­նին։

Այս ամ­բող­ջին մէջ Թուր­քիա եւս ու­նի վե­րա­պա­հու­թիւն­ներ։ Ան­գա­րա­յի տե­սա­կէ­տէ մտա­հո­գիչ հիմ­նա­կան հան­գա­ման­քը այն է, որ Ժը­նե­ւի խորհր­դա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն ու­նի ՓԵՏ։ Ծա­նօթ է, որ թրքա­կան կող­մը ՓԵՏ-ն կ­՚ըն­կա­լէ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան Սու­րիոյ շա­ռա­ւի­ղը։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, Ան­գա­րա կը ձգտի ար­գե­լա­փա­կել ՓԵՏ-ի ներ­կա­յու­թիւ­նը Ժը­նե­ւի մէջ, մինչ Մոս­կուա կը խրա­խու­սէ։ Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ առ­կայ լա­րուա­ծու­թիւնն ալ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի այս հար­ցին մէջ։ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու եւս ե­րէկ անդ­րա­դար­ձաւ այս խնդրին ու տե­ղե­կա­ցուց, թէ ե­թէ ՓԵՏ մաս­նակ­ցի Ժը­նե­ւի խորհր­դա­ժո­ղո­վին, ա­պա Թուր­քիա պոյ­քո­թի պի­տի են­թար­կէ զայն։ «Ժը­նե­ւի մէջ ՓԵՏ ի՞նչ հան­գա­ման­քով սե­ղա­նի գլուխ պի­տի նստի։ Կը փոր­ձուի ջրո­տել Սու­րիոյ ընդ­դի­մու­թիւ­նը», ը­սաւ նա­խա­րա­րը ու շեշ­տեց, թէ ՓԵՏ-ն ալ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է։

Հարկ է նշել, որ թրքա­կան կող­մը ան­հան­գիստ է նաեւ Ժը­նե­ւի խորհր­դա­ժո­ղո­վէն թիւրք­մէն­նե­րու դուրս մնա­ցած ըլ­լա­լուն բե­րու­մով։

Վեր­ջին օ­րե­րուն Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը՝ Ճոն Քե­րի եւ Սէր­կէյ Լաւ­րով խտա­ցեալ աշ­խա­տանք կը տա­նին Ժը­նե­ւի խորհր­դա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016