ԴԻՐՔԵՐԸ ԿԸ ՄՆԱՆ ԱՆՓՈՓՈԽ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ երկրի սահմանները ներկայիս անառիկ են։ «Զինեալ ուժերու համապատասխան զօրամիաւորման կողմէ կը պաշտպանուին մեր սահմանները։ Մեր պաշտպանութեան ուրուագծին մէջ, դիրքերու դասաւորութեան շուրջ փոփոխութիւններ տեղի չեն ունեցած», ըսաւ նախարարը եւ աւելցուց, թէ Ատրպէյճանի կողմէ դիրքերու յառաջխաղացում մը տեղի չէ ունեցած։
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ տեղեկացուցած էին, թէ Հայաստանի Տաւուշի մարզէն ներս գրաւած են դիրք մը։ Պաքուի այդ պնդումները արձագանգ գտան նաեւ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ։ Կարգ մը թերթեր այսօր գրած են, թէ «Օտունթեփէ» կոչուած բլուր մը, որ ունի ռազմավարական նշանակութիւն իր դիրքին բերումով, անցած է ազէրի զօրքերու վերահսկողութեան ներքեւ։
Սէյրան Օհանեան երէկ յայտարարեց, թէ հերթական անգամ ու պաշտօնապէս կը հերքէ այդ պնդումները։ «Նման բան տեղի չէ ունեցած», ըսաւ նախարարը եւ ընդգծեց, թէ Ատրպէյճանի կողմէ դիրքերու յառաջխաղացում մը չէ եղած։
Բաց աստի, ան չի բացառեր սահմանի վրայ լարուածութեան աճը, քանի որ Ատրպէյճանի մէջ կ՚ապրուի տնտեսական ճգնաժամ մը եւ լարուածութեան բարձրացում մը կրնայ նկատուիլ այդ երկրի ներքին քաղաքական խնդիրներուն բերումով։ Ըստ իրեն, այս բոլորը հայկական զինեալ ուժերուն վրայ որեւէ ձեւով չեն ազդեր։ Հայկական բանակը պատրաստ է դիմակայելու ամէն տեսակ լարուածութեան եւ բարձր է անոր մարտունակութիւնը։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Սէյրան Օհանեան շետշեց նաեւ, թէ Ռուսաստանի կողմէ սպառազինութեան մատակարարման վերաբերեալ որեւէ խնդիր գոյութիւն չունի։