ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ

Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին նա­խա­գահ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան վի­րա­հա­տու­թեան են­թար­կուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Գա­լի­ֆոր­նիոյ նա­հան­գի Լոս Ան­ճե­լը­սի շրջա­նին մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, գոր­ծո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցած է հա­յա­շատ Կլեն­տէյլ քա­ղա­քին մէջ։ Glendale Memorial  հի­ւան­դա­նո­ցէն ներս Տէր-Պետ­րո­սեան վի­րա­հա­տուած է ա­ղի­քի քաղց­կե­ղի հե­տե­ւան­քով։ Ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հի գրա­սե­նեա­կը տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ վի­րա­հա­տու­թիւ­նը կա­տա­րած են եր­կու յայտ­նի մաս­նա­գէտ­ներ՝ վի­րա­բոյժ Փե­թար Վու­քա­սիմ եւ ու­ռուց­քա­բան Գա­լուստ Եու­քար։ Յետ­վի­րա­հա­տա­կան ա­պա­քին­ման շրջա­նէն վերջ, Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան հի­ւան­դա­նո­ցէն դուրս ե­կած է Յու­նուա­րի 24-ին։ Ան ներ­կա­յիս ա­պա­քին­ման շրջա­նը կը բո­լո­րէ իր ազ­գա­կան­նե­րու բնա­կա­րա­նին մէջ։

Տէր-Պետ­րո­սեան եւ իր ըն­տա­նի­քը խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած են բժիշկ­նե­րուն, յի­շեալ հի­ւան­դա­նո­ցի ղե­կա­վա­րու­թեան, բոյժ-քոյ­րե­րուն եւ հի­ւան­դա­նո­ցի ամ­բողջ մաս­նա­գի­տա­կան անձ­նա­կազ­մին՝ ա­նոնց կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած ար­հես­տա­վարժ բժշկա­կան օգ­նու­թեան, յա­տուկ խնամ­քին եւ մարդ­կա­յին ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար։

 

Չորեքշաբթի, Յունուար 27, 2016