ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ ՄԱՍԻՆ ԴԱՏԵՐԸ ՄԻԱՑՈՒԱԾ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին յաջորդած դատաիրաւական գործընթացին շրջագծով երէկ ապրուեցաւ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Վճռաբեկ ատեանի որոշմամբ միացուեցան այս գործին վերաբերեալ երկու դատերը։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին շրջագծով պատրաստուած էր նոր ամբաստանագիր մը, որ կը վերաբերէր հանրային պաշտօնեաներու դերակատարութեան վերաբերեալ պնդումներուն եւ համապատասխան տուեալներուն։ Ներկայիս այս յարակից հարցաքննութեան արդիւնքով պատրաստուած մեղադրականը արդէն կցուած է բուն դատավարութեան թղթածրարին։ Դատավարութիւնը յետ այսու պիտի շարունակուի Իսթանպուլի 14-րդ Ծանր պատժական ատեանին մօտ։
Վճռաբեկ ատեանը որոշած է երկու դատերը միացնել՝ հաշուի առնելով անոնց միջեւ առկայ անձնական, իրաւական ու գործնական կապերը։ Տեղական մամուլն ալ լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանայ այս իրադարձութեան։ Հաղորդումներուն մէջ կը մատնանշուի, որ դատին վարոյթը յանձնուած է Իսթանուլի 14-րդ Ծանր պատժական ատեանին, որ կը զբաղի ահաբեկչութեան եւ կազմակերպեալ յանցագործութիւններու վերաբերեալ գործերով։ Նոյն ծիրին մէջ կը շեշտուի, թէ մահափորձը կ՚առընչուի «Զուգահեռ կառոյց»ին հետ, որու անվտանգութեան համակարգէն ներս տեղ գտած շառաւիղները յառաջիկայ շրջանին պիտի դատուին ոճրագործութեան ամբաստանեալներուն հետ։