ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐ

Հայաստանի Արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի Արդարադատութեան նախարար Ռաթի Պրեկածէի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին նախարարները քննարկումներ ծաւալեցին իրենց ոլորտէն ներս համագործակցութեան օրակարգային հարցերուն շուրջ։ Բաց աստի, Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ ստորագրուեցաւ արդարադատութեան բնագաւառէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ յուշագիր մը։

Անդրէասեան եւ Պրեկածէ շօշափեցին նաեւ Հայաստան-Վրաստան 4-րդ իրաւական ֆորումի կազմակերպման վերաբերեալ հարցեր։

Հինգշաբթի, Յունուար 27, 2022