ԴՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Քամփ Արմէնի վերակառուցման ծրագրին շուրջ։ Փրեմըսէն, Նիւ Ճըրզի, հրապարակուած յայտարարութեան մէջ ԱՀԱԸ ողջունեց Թուզլայի Քամփ Արմէնի վերակառուցման լուրը ու տեղեկացուց, որ պատրաստ է աջակցելու անոր վերաշինութեան աշխատանքներուն։

Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցիէն վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու մամուլին տեղեկացուցած էր, որ Թուզլայի Քամփ Արմէնի վերակառուցման ծրագիրը սկսած է եւ այդ արդիական համալիրի շինարարական ծրագիրը կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ են նիւթական միջոցներ։ ԱՀԱԸ-ի երէկուան յայտարարութիւնը, ըստ երեւոյթին, ուղղակի արձագանգն է վերապատուելի Աղապալօղլուի յայտարարութիւններուն։ Արդարեւ, Փրեմըսէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը բովանդակէ՝ վերապատուելի Աղապալօղլուի յայտարարութեան պարփակած զանազան տուեալները՝ Թուզլայի տարածքի սեփականութեան իրաւունքին եւ կառուցումը նախատեսուած համալիրին շուրջ։ Հաղորդագրութեան կցուած են նաեւ տեսանիւթեր, որոնք նոյնպէս մամուլին եւ հանրութեան նկատառման յանձնուած էին վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Քամփ Արմէնի տարածքի տնօրինման իրաւունքը կը պատկանի Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վաքըֆին։

ԱՀԱԸ-ի գործադիր տնօրէն վերապատուելի Զաւէն Խանճեան այս առթիւ նշած է հետեւեալը. «Մենք կը յուսանք եւ կ՚աղօթենք, թէ նոր ճամբարը պիտի շարունակէ օրհնութիւն ըլլալ հայ երիտասարդութեան նոր ալիքի մը՝ ամէն անկիւններէ, ներառեալ Անատոլուն»։ Վերապատուելի Զաւէն Խանճեանի համապատասխան խօսքերուն մէջ վերյիշուած են հոգելոյս Հրանդ Կիւզէլեանը, ինչպէս նաեւ հոգելոյս Հրանդ Տինքը, որու կեանքի կարեւոր հանգրուաններէն մին հանդիսացած էր Թուզլայի ճամբարը։

Փրեմըսէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ յիշեցուած է նաեւ, որ ԱՀԱԸ-ի օժանդակութեամբ վերջերս Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցին իրականացուցած է կարգ մը հիմնական վերանորոգման աշխատանքներ։ Յիշեցուած է նաեւ, որ այդ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս 2003 թուականէն ի վեր կը գործէ «Հրանդ Տինք» դպրոցը, որու բացառիկ առաքելութիւնն է Հայաստանէն արտագաղթած ընտանիքներու երեխաներուն համար հայեցի դաստիականութիւն եւ կրթութիւն ապահովել՝ փոքրիկ հայրենիք մը ստեղծելով անոնց։ Այս դպրոցի գործունէութիւնը կարեւոր-ւած է նաեւ այն տեսանկիւնէն, որ սաները իրենց ուսումը կը շարունակեն վերադառնալով Հայաստան։

Հաղորդագրութեան մէջ դիտել տրուած է, որ Քամփ Արմէնի երբեմնի տարածքը կը կազմէր 8 հազար 600 քառակուսի մեթր։ 2015 թուականին, շրջանի վարչապետին՝ այժմու նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի յանձնարարութիւնով Թուզլայի քաղաքապետարանը այդ մակերեսի 4 հազար 715 քառակուսի մեթրի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուցած էր Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ վաքըֆին։

Հինգշաբթի, Յունուար 27, 2022