ՀՈՎԻՒԻ ԽՕՍՔԵՐ. «ՄԵՐ ԴԱՐԸ ԼՈՅՍ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ։ ԲԱՅՑ ՈՐՔԱ՜Ն ԽԱՒԱՐ ՈՒՆԻ ԴԵՌ ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԸ»

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս լոյս տեսաւ ժողովածոյ մը, որ կողքի մը տակ կը համախմբէ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն հոգելոյս Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի «Հովիւի խօսքեր»ը։ Թեմը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 95-ամեակը եւ այս յոբելեանի ծիրէն ներս լոյս ընծայուած է սոյն հատորին՝ որպէս 5-րդ օղակը «Ոսկեղնիկ» մատենաշարի։ Հոգելոյս Պատրիարքը Պոլսոյ մէջ գահակալելէ բաւական երկար ժամանակ առաջ եղած էր Արեւմտեան թեմի առաջին առաջնորդը։ Այժմ, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ ու նախաձեռնութեամբ՝ այս գիրքը հրատարակուած է եւ անոր նիւթերու մէկ մասը տրամադրուած է Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ։

Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի յառաջաբանով կը սկսի այս ժողովածոն, որ առիթ մը կը համարուի՝ վերաթարմացնելու համար այս տիրական հոգեւորականի եւ գիտնականի կերպարը յաչս հայ ընթերցողին։ Սա առիթ մըն է նաեւ վերարծարծելու անոր միշտ այժմէական ու հզօր պատգամները, որոնք ուղղուած են հաւատաւոր հայորդիին, սփիւռքի համայնքներուն եւ հոգեւորականներուն։ Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանին կողմէ այս կապակցութեամբ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ մէջբերուած են Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կարգ մը խորհրդածութիւնները, որոնց շարքին կ՚առանձնանայ հետեւեալները. «Կը կամենա՞ս պայծառակերպել հոգիդ ու միտքդ աստուածային լոյսով։ Ուրեմն կարդա՛ Գարեգին Խա-չատուրեանի կենսատու խօսքերը»։

Հինգշաբթի, Յունուար 27, 2022