ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ԴԱՐԱԴԱՐՁ
Երեւանի «Գաբրիէլ Սունդուկեան» ազգային ակադեմական թատրոնը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Գեղարուեստասէր հասարակութիւնը ջերմօրէն կ՚ողջունէ այս յոբելեանը՝ քանի այս մէկը ժողովուրդին կողմէ կ՚ընկալուի՝ որպէս մայր թատրոն։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս դարադարձին առթիւ երէկ մայր թատրոնի կողմէ հիւրընկալուեցան ոլորտի ներկայացուցիչներ, նկարիչներ, շարժանկարի, երաժշտական, գրական, քաղաքական ու հասարակական շրջանակներէն դէմքեր, որոնք իրենց շնորհաւորութիւններուն ի շարունակութիւն՝ նորանոր յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին մայր թատրոնին համար։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարմնամարզի նախարար Վահրամ Տումանեան, որ իր խօսքին մէջ վերյիշեց այն բոլոր հսկաներու անունները, որոնց շնորհիւ կայացած է հայ թատրոնը։
Սրտի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ մայր թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Արմէն Էլբակեան եւ տնօրէն Վարդան Մկրտչեան։
Յոբելեանի առթիւ թատերախումբի դերասանները ծափոյջոյններու ներքեւ հատեցին նաեւ կարկանդակ մը։
«Թատրոնը կենդանի օրկանիզմ մըն է, ինչպէս եւ մարդը։ Ան կրնայ մեռնիլ, վերածնիլ կամ յարութիւն առնել։ Ուղղակի երջանիկ եմ, որ Ազգային ակադեմական թատրոնը հասած է 100-ամեակին։ Ճգնաժամերու միջով անցած է թէ՛ երկիրը եւ թէ թատրոնը, որովհետեւ թատրոնը աշխարհի փոքր մոտելն է։ Ինչպէս աշխարհն է, այնպէս ալ թատրոնն է», ըսաւ Արմէն Էլբակեան դարադարձի առթիւ։