«ԵՒՐՈՊԱ ՊԷՏՔ Է ԻՆՔՆ ԻՍԿ ՎՃՌԷ ԻՐ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ»

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ աշխարհի վրայ ազդեցութեան եւ աճի նոր կեդրոններու յայտնուիլը կը պահանջէ Եւրոպայի ուժեղացումը եւ Եւրոպան պէտք է ինքնուրոյն վճռէ իր ճակատագիրը։ Ելոյթ ունենալով Քրիստոնէա-դեմոկրատական միութեան համագումարին ժամանակ՝ Անկելա Մերքէլ ըսաւ հետեւեալը. «Փորձուած գործընկերութիւնը կ՚ենթարկուի փորձութեան, տասնամեկաներու ընթացքին ստեղծուած աշխարհակարգը կը փլի եւ ի յայտ կու գան զարգացման ու ազդեցութեան նոր կեդրոններ։ Պարզամտութիւն եւ անպատասխանատուութիւն կ՚ըլլայ կարծել, թէ սա որեւէ կերպով չի վերաբերիր Եւրոպային։ Բայց մենք ենք, որ պիտի որոշենք՝ որո՞ւ ձեռքին մէջ է Գերմանիոյ եւ Եւրոպայի ճակատագիրը. մե՞ր, թէ ոչ ուրիշի մը։ Մենք պէտք է վճռենք մեր ճակատագիրը, նախքան որ այդ մէկը ընեն ուրիշները»։

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018