«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԻՋԵՒ ԿԱՊԻ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ԲԱՆԱԼԻՆ ԱԶԱՏ ՄՏԱԾԵԼԱԿԵՐՊՈՎ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՁԵՌՔԻՆ ՄԷՋ Է»

Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն հարցազրոյցով մը հանդէս եկաւ երկրի Հանրային հեռուստատեսութենէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առթիւ ան յայտնեց, որ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման հիմքին կը դնէ հայերու՝ համաշխարհային ազգ դառնալու սկզբունքը։ Թէ ի՞նչ ձեւով պէտք է զարգանան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները։ Պատասխանելով այս հարցման՝ Արմէն Սարգսեան ըսաւ.

«Սա այն մոտելն է, որով մենք՝ որպէս հայեր պիտի ապրինք այս աշխարհին մէջ։ Այդ մոտելը ինծի համար փակ մոտել մը չէ, բաց մոտել մըն է։ Ես կ՚ուզեմ պատկերացնել, որ բոլոր հայերը պէտք է ապրին իրավիճակի մը մէջ, ուր կայ փոքր պետութիւն մը, բայց համաշխարհային ազգ։ Բոլորս՝ որպէս հայեր, անկախ մեր գտնուած եւ բնակած վայրէն, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան առջեւ մեր քաղաքացիական պարտքը պէտք է կատարենք՝ ըստ այդ սկզբունքին»։

Արմէն Սարգսեանի խօսքերով, Հայաստան-սփիւռք կապի ամրապնդման համար միւս կարեւոր նախապայմանն է՝ տարբերութիւն չդնել հայաստանաբնակ հայերու եւ սփիւռքահայերու միջեւ։ Ան կարեւորեց նաեւ սփիւռքահայերու նպաստը՝ հայրենիքի զարգացման գործին մէջ։ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց հայեացքը դէպի ապագայ ուղղելու եւ 21-րդ դարու միջոցներէն օգտուելու անհրաժեշտութիւնը։

«Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները կառուցելու ժամանակ պէտք է նայինք դէպի ապագայ, դէպի երիտասարդները, դէպի 21-րդ դարը։ Այն միջոցները, որոնք նախապէս օգտագործուած են՝ Հայաստան-սփիւռք կապը ամրապնդելու համար, այսօր պէտք է տարբերուինք, որովհետեւ 21-րդ դարն է։ Հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ կապի ամրապնդման բանալին ազատ մտածելակերպով երիտասարդներու ձեռքին մէջ է», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Միւս կողմէ, Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի թեկնածութեան պարագան պաշտօնապէս յստակացնելէ վերջ Արմէն Սարգսեան երկրորդ անգամ այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Արմէն Սարգսեանի առած կարեւոր որոշումը։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ այս որոշումը գոհունակութեամբ պիտի ընդունուի թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ։ Նորին Սրբութիւնն ու Արմէն Սարգսեան զրոյցի տեւողութեան անդրադարձան Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղղեալ քայլերուն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018