ԱՖՐԻՆԻ ՇՈՒՐՋ ՄԱՀԻԿ
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ ցայսօր չէզոքացուած ահաբեկիչներու թիւը հասած է 2083-ի։ Թրքական զօրքերն ու Ազատ Սուրիոյ բանակը երէկուան դրութեամբ ապահովեցին կարեւոր ձեռքբերում մը։ Այսպէս, Աֆրինի շրջակայքին ամբողջացաւ Թուրքիոյ սահմանի երկայնքով նախատեսուած մահիկը։ Այսպէսով ՓՔՔ-ՓԵՏ-ի Թուրքիոյ հետ կապը խզուեցաւ։ Յետայսու Թուրք զինեալ ուժերն ալ Աֆրինի կեդրոնը ձեռք անցընելու նպատակով պիտի կարենան շատ աւելի դիւրին ձեւով կուտակումներ կատարել։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Ոստիկան զօրաց եւ Ոստիկանութեան յատուկ նշանակութեամբ ջոկատները երէկ հաւաքուեցան Կազիանթէպի համատեղ կեդրոնին մէջ եւ աւելի վերջ Սուրիա անցան՝ Քիլիսի եւ Հաթայի վրայով։ Հարաւ-արեւելքի մէջ մօտաւոր անցեալի գործողութիւններուն ժամանակ փորձառութիւն կուտակած այս զօրքերը դաշտի վրայ պաշտօն պիտի վարեն՝ ահաբեկիչներու ներթափանցումները կանխելու նպատակով։
Մինչ այդ, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար եւ բանակի հրամանատարական վերնախաւն ալ երէկ շփումներ ունեցան սահմանի վրայ։ Անոնք քննարկեցին զօրքերու վերջին կացութիւնը եւ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններու ընթացքը։
Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներն ալ երէկ անդրադարձան «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն։ Փենթակոնի բանբերը յայտնեց, որ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական շփումները կը շարունակուին՝ Աֆրինի պարագային։ Ամերիկեան կողմը ընդգծեց, որ կը յարգէ անվտանգութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ մտահոգութիւնները։