ԴՐԱԿԱՆ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Փիոթր Սվիթալսքի երէկ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւններուն մէջ կ՚արձանագրուի դրական աշխուժութիւն։ Մենք այս տարուան սկսանք շատ բարձր քաղաքական թափով։ Յանձնակատար Եոհաննէս Հաննի այցելութիւնը շատ յաջող անցաւ։ Մենք կը պատրաստուինք շատ խտացեալ օրացուցային շարքի եւ ձեռնարկներու։ Յառաջիկայ ամիսներուն եւս բարձր մակարդակի այցելութիւններ կը նախատեսուին։ Սա ցոյց կու տայ, որ մեր յարաբերութիւնները կը զարգանան շատ շինիչ։ Մեծ է թափը մեր յարաբերութիւններուն մէջ»։

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործունէութեան մասին համաձայնագրին՝ Փիոթր Սվիթալսքի նշեց, որ այդ ծիրին մէջ եւս շատ շուտով Պրիւքսելի եւ Երեւանի մէջ յանձնաժողովներու մակարդակով հանդիպումներ կը նախատեսուին։

Ասուլիսի ընթացքին Սվիթալսքի նշեց, որ այդ համաձայնագրի ճանապարհային քարտէսը վերլուծութեան ենթարկուած է Պրիւքսելի կողմէ՝ մասնաւորապէս, Եւրոյանձնաժողովի զանազան ծառայութիւններու մակարդակով։ Այդ մէկը շատ համապարփակ ու տպաւորիչ փաստաթուղթ մըն է։ Ան կը պարունակէ հարիւրաւոր միջոցառումներ, որոնք ուղղուած են զանազան յանձնառութիւններու իրագործման։ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան վերաբերեալ ճանապարհային քարտէսը ամբողջութեամբ պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ մարտ ամսուայ վերջը։ «Կը կարծեմ, որ մինչեւ մարտի վերջաւորութիւնը կ՚ունենանք համաձայնագրի վերջնական ճանապարհային քարտէսը։ Կ՚ակնկալենք, որ այդ ճանապարհային քարտէսի վերաբերեալ համաձայնութիւն եւ հաստատում կ՚ունենանք մինչեւ մեր գործընկերութեան յանձնաժողովի նիստը», շարունակեց Սվիթալսքի։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սվիթալսքի ասուլիսի ընթացքին ընդգծեց, որ Եւրոմիութեան կողմէ Հայաստանի ստացած դրամական աջակցութեան չափն ալ էապէս պիտի աւելնայ։ Այդ յաւելումը պիտի ըլլայ ի հաշիւ Եւրոմիութեան «Հովանոցային ֆոնտ»ին։ «Անցեալ տարի առաջին անգամ «Հովանոցային ֆոնտ»էն Հայաստանը ստացաւ 10 միլիոն եւրօ։ Սա քաղաքական ազդակ է, որովհետեւ «Հովանոցային ֆոնտ»ի անդամ ըլլալը աւելի կարեւոր է՝ քան այդ ֆոնտէն ստացուած գումարի չափը։ 2019 թուականին եւս Հայաստանի համար օժանդակութեան յաւելում կ՚ըլլայ «Հովանոցային ֆոնտ»էն։ Սա դարձեալ շատ կարեւոր քաղաքական ազդակ մըն է, թէ Եւրոպական Միութիւնը մեծապէս, բարձր կը գնահատէ ժողովրդավարական եւ այլ զարգացումներու ընթացքը», յայտնեց Սվիթալսքի եւ աւելցուց, որ իր յոյսն է, թէ յառաջիկայ տարիներուն Հայաստան պիտի կարողանայ աւելի շատ օգտուիլ Եւրոմիութեան աջակցութեան գումարներէն։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 27, 2019