ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ

Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ երէկ խորհրդարանին մէջ հերթական անգամ ելոյթով մը հանդէս եկաւ BREXIT-ի շուրջ։ Ան յայտնեց, որ եթէ Եւրոմիութեան հետ՝ վերատեսութեան ենթարկուած ու համաձայնեցուած BREXIT-ի համաձայնութեան տարբերակն ալ մերժուի խորհրդարանին կողմէ, ապա օրակարգի վրայ պիտի գան առանց համաձայնութեան բաժանումի եւ կամ BREXIT-ի ժամկէտի յետաձգման վարկածները։

Ներկայիս Լոնտոնի ղեկավարութեան եւ Պրիւքսելի մէջ բանակցութիւններ կ՚ընթանան BREXIT-ի շուրջ։ Թերեզա Մէյ ներկայիս այդ կապակցութեամբ իրազեկեց Անգլիոյ խորհրդարանը եւ աւելցուց, որ համաձայնութեան վերանայուած տարբերակը մարտի 12-ին պիտի ներկայացուի երեսփոխաններուն։ Եթէ այս նոր տարբերակն ալ հաւանութեան չարժանանայ, ապա մարտի 13-ին խորհրդարանի օրակարգին վրայ պիտի բերուի առանց համաձայնութեան բաժանումի վարկածը։ Եթէ այդ մէկն ալ խորհրդարանի հաւանութեան չարժանանայ, ապա 14 մարտին խորհրդարանի օրակարգին վրայ պիտի գայ BREXIT-ի յետաձգման վարկածը։ Ըստ Թերեզա Մէյի, եթէ յետաձգման ուղղութեամբ որոշում մը առնուի, այդ մէկը պէտք է ըլլայ կարճ ժամկէտով ու մէկ անգամ-ւան համար։ Անգլիացի վարչապետը այսպէսով ակնարկեց յունիսի վերջաւորութիւնը։ «Յետաձգումը եւ առանց համաձայնութեան բաժանումը պէտք է հեռացնել սեղանէն։ Սա միայն համաձայնութեան մը հասնելով եւ կամ 50-րդ յօդուածի ջնջումով հնարաւոր կրնայ դառնալ, ինչ որ ես պիտի չկարողանամ ընել», ըսաւ Թերեզա Մէյ։

Իր կարգին, ընդդիմադիր Բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ճերըմի Քորպին յայտնեց, որ Թերեզա Մէյ կը փորձէ խնդիրը ժամանակի վրայ ձգել, BREXIT-ի օրացոյցը նեղացնել եւ այսպէսով ճնշում ստեղծել երեսփոխաններուն վրայ։ Ան յայտնեց, որ եթէ Թերեզա Մէյ այդ ճնշումով իր համաձայնութիւնը վաւերացնել տայ խորհրդարանին, ապա իրենք պիտի պահանջեն վերահաստատման համար հանրաքուէի մը կազմակերպումը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 27, 2019