«ԿԼԻՄԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿՈՒ ՏԱՅ»
ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան կազմակերպուեցաւ շահեկան բանախօսութիւն մը, որու ատենախօսն էր Պողազիչի համալսարանի դասախօսներէն Փրոֆ. Լեւենտ Քուրնազ։ ՀԱՅՃԱՐ ներկայիս բանախօսութիւններու շարք մը կը կազմակերպէ՝ ուշադրութիւն հրաւիրելու համար բնահամակարգի առկայ ճգնաժամին վրայ։ «Կլիման ահազանգ կու տայ» կարգախօսով նախատեսուած այս շարքի նպատակն է մատնանշել կլիմայի ճգնաժամը։ ՀԱՅՃԱՐ այս ծրագիրը յառաջ կը տանի Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան հետ։
Շիշհանէի մեթրոյի կայարանի համալիրի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ երէկուան առաջին բանախօսութիւնը, որու սկիզբին ելոյթ մը ունեցաւ Իրեմ Պըչաքճը։
Օրուան ատենախօսը՝ Լեւենտ Քուրնազ երեկոյթի տեւողութեան զանազան երեսակներով մեկնաբանեց կլիմայի առկայ ճգնաժամը եւ խորհրդածութիւններ ըրաւ հաւանական հետեւանքներուն շուրջ։