ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ԵԼՈՅԹ
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան նախընթաց օր դասախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Լոնտոնի մէջ։ Իր ելոյթը տեղի ունեցաւ Օքսֆորտի համալսարանէն ներս։ Այդ համալսարանի Արեւելքի հետազօտութիւններու բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին Հրայր Ճէպէճեան խօսեցաւ քրիստոնեայ արեւելքի մասին։ Հարկ է նշել, որ այդ բաժանմունքը ներկայիս սոյն նիւթով դասախօսութիւն-հաւաքներու շարքի մը նախաձեռնած է։ Շուրջ ութ տարիէ ի վեր գործադրութեան մէջ կը գտնուի այս շարքը, որու ծիրին մէջ համալսարանը կը հիւրընկալէ զանազան դէմքեր, որոնք այս նիւթին առընչութեամբ գիտական-ակադեմական ուսումնասիրութիւններ կը ներկայացնեն, նաեւ կը բաժնեն իրենց փորձառութիւնը։ Հրայր Ճէպէճեանն ալ այս շարքի հետաքրքրական մասնակիցներէն մին դարձաւ՝ մանաւանդ, որ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարն է։
Օքսֆորտի համալսարանի Արեւելքի հետազօտութիւններու բաժանմունքի դասախօսներէն Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան ձեռնարկի ընթացքին ծանօթացուց Հրայր Ճէպէճեանը, որ շուրջ ժամ մը ներկայացուց Արաբական ծոցի վերաբերեալ պատմաքաղաքական եւ ընկերատնտեսական տուեալներ։ Ան խօսեցաւ տարածքաշրջանէ ներս քրիստոնէութեան արմատներուն մասին՝ անդրադառնալով եկեղեցիներու եւ համայնքներու կազմաւորման՝ չորրորդ դարէն սկսեալ։ Քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութիւններուն մասին ալ արտայայտուեցաւ Հրայր Ճէպէճեան։ Պատմական տուեալներու լոյսին ներքեւ ան ընդարձակ տեղեկութիւններ փոխանցեց մերօրեայ վիճակին շուրջ։
Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ հարցում-պատասխանի բաժին, որու ընթացքին Հրայր Ճէպէճեան մանրամասն պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։