ՀԱՄԱԿԱՐԳԵԼ ՋԱՆՔԵՐԸ

Անգարա կը շարունակէ ամենաբարձր մակարդակի վրայ անմիջական շփման մէջ մնալ Մոսկուայի եւ Պաքուի հետ՝ մինչ Երեւանի հետ բնականոնացման գործընթացն ալ ընթացքի մէջ է։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Դռնփակ հանդիպում մըն էր այս մէկը, որ տեղի ունեցաւ «Վահտեթթին» ապարանքին մէջ։ Նախագահները զրուցեցին առանց փողկապներու։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ զրոյցի ընթացքին Էրտողան եւ Ալիեւ քննարկած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ քաղաքական, տնտեսական, առեւտրային, ուժանիւթի, ռազմական եւ ռազմաթեքնիք ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ապագայ խորացման հեռանկարները։ Բաց աստի, անոնք կարծիքներ փոխանակած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղութեան օրակարգին շուրջ։

Վերջին օրերուն Էրտողան հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Բաց աստի, Փութին շաբաթավերջին շնորհաւորական հեռագիր մըն ալ ուղարկեց Էրտողանին՝ ծննդեան օրուան առթիւ։ Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Փութինի շնորհաւորական հեռագրին մէջ նշուած է հետեւեալը. «Վստահ եմ, թէ մենք պիտի շարունակենք համակարգուած իրականացնել փոխադարձ շահաւէտ համատեղ ծրագրեր եւ պիտի շարունակենք համակարգել ջանքերը տարածաշրջանային եւ համաշխարհային օրակարգի կարեւոր խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ»։

ԼԱՒՐՈՎԻ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԸ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր պաշտօնական այցելութեամբ կը ժամանէ Պաքու, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Բացի Ալիեւի մօտ նախատեսուած հանդիպումէն, Լաւրով բանակցութիւններ կը վարէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Նախատեսուած է նաեւ երկու նախարարներուն մամլոյ ասուլիսը։

Լաւրովի այցելութեան ընդառաջ Պայրամով շաբաթավերջին մամուլին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւնները ներկայիս կը շարունակուին առցանց դիւանագիտութեամբ։ «Մենք իրարու կը փոխանցենք մեր պայմանները։ Բայց սա որքան արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, ցոյց պիտի տայ ժամանակը», ըսաւ Պայրամով եւ հերթական անգամ Երեւանը մեղադրեց՝ անհիմն ձեւով շինիչ բանակցութիւններէ խուսափելու մէջ, ինչ որ համարեց լուրջ հարուած մը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023