ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը, որուն կ՚ընկերանային Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան եւ Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան։ Վերջին տարիներուն հաճելի աւանդութիւն մը դարձած է Զեքիեան Գերապայծառի Ս. Զատկի սեմին օրհնաբեր այցելութիւնները՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։ Երէկ այս աւանդութիւնը գտաւ իր շարունակութիւնը, սակայն այս անգամ կար նաեւ արտասովոր հանգամանք մը։ Արդարեւ, Զեքիեան Գերապայծառ այցելութեան ընթացքին մեզի նուիրեց վերջերս «Արաս» հրատարակչատունէն լոյս տեսած իր գիրքը, որ կը կոչուի՝ «Կորստեալ քաղաքէն բարոյական հայրենիք»։ Զեքիեան Գերապայծառ հայոց պատմութեան վրայ ընդհանուր հայեացք մը սեւեռած է այս գործին մէջ, որ 2000 թուականին հրատարակուած է իտալերէնով։ Այժմ Սեմա Փոստաճըօղլուի կողմէ կատարուած թարգմանութեան լոյս ընծայած է «Արաս»։

Գիրքը մեզի նուիրելու առընթեր Զեքիեան Գերապայծառ թրքահայ իրականութեան, մանաւանդ ընկերամշակութային եւ կրթական կեանքին վերաբերեալ հրատապ հարցերու շուրջ բաժնեց իր մօտեցումները։ Թէեւ առհասարակ սովոր ենք իր հետ զրուցելու որպէս գիտնական, սակայն քանի որ ան վերջին տարիներուն հետզհետէ կը խորանայ վարչական հարցերու մէջ՝ այդ կապակցութեամբ ալ արտայայտեց հետաքրքրական դիտարկումներ։

Ինչպէս միշտ, հանդիպման աւարտին Զեքիեան Գերապայծառ ընդգծեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի առաքելութեան նկատմամբ տածած կարեւորութիւնը։ Ան յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն մաղթեց թերթիս գործունէութեան համար եւ Ս. Զատկի սեմին բարեմաղթութիւններ յղեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին։

Երեքշաբթի, Մարտ 27, 2018