ԸՆՏՐԵԱԼ-ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԵՐԴՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ նախագահ Արմէն Սարգսեան 9 Ապրիլին պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը։ Ընտրեալ-նախագահ Արմէն Սարգսեանի երդման արարողութեան ծրագրին մանրամասնութիւնները հետզհետէ կը յստականան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեանի երդման արարողութեան կարգը պիտի ընթանայ՝ ըստ ցայսօր ձեւաւորուած նախընթացներով։ Հայաստանի Ազգային ժողովը յառաջ կը տանի այս պատրաստութիւնները։ Արդարեւ, երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ խորհրդարանի յատուկ նիստին ընթացքին։ Այսպէս, 9 Ապրիլ 2018 թուականին, ժամը 12.00-ին, նախատեսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յատուկ նիստին գումարուիլը՝ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ։

Խորհրդարանի երեսփոխաններու արձանագրութեան կարգը կը սահմանուի ու կը կազմակերպուի հաշուիչ յանձնախումբին կողմէ։ Նիստին հրաւիրուող անձերու ցանկը կը հաստատուի խորհրդարանի նախագահին կողմէ։ Նիստի նախագահի բացման խօսքէն յետոյ դահլիճ կը բերուին Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշը, նախագահական իշխանութեան խորհրդանշանը, Սահմանադրութեան մայր օրինակը եւ Վեհամօր Սուրբ Աւետարանը։

Ձեռքը դնելով Սահմանադրութեան մայր օրինակին եւ Վեհամօր Սուրբ Աւետարանին վրայ՝ նորընտիր նախագահը հանդէս կու գայ սահմանադրութեամբ նախատեսուած երդումով։ Ելոյթներ կ՚ունենան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եւ նորընտիր նախագահը։ Ելոյթներէն վերջ դահլիճէն դուրս կը բերուին Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշը, նախագահական իշխանութեան խորհրդանշանը, Սահմանադրութեան մայր օրինակը եւ Վեհամօր Ս. Աւետարանը։ Այսպէսով նիստը կը յայտարարուի փակուած եւ Արմէն Սարգսեան պաշտօնի կը ձեռնարկէ՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան 4-րդ նախագահ։

Հայաստանի մէջ կատարուած վերջին սահմանադրական փոփոխութիւններուն հիման վրայ՝ երկրէն ներս կիսանախագահական կառավարման համակարգը կը փոխարինուի խորհրդարանականով։ Նոր համակարգին մէջ հանրապետութեան նախագահին վերապահուած է աւելի խորհրդանշական դերակատարութիւն մը։ Այս նոր համակարգի պայմաններով Արմէն Սարգսեան կը դառնայ առաջին նախագահը։

Երեքշաբթի, Մարտ 27, 2018