ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆԻ 90-ԱՄԵԱԿԸ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը  գրող, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ, Տքթ. Թորոս Թորանեանի ծննդեան 90-ամեակին առթիւ կազմակերպած են ձեռնարկ մը, որ տեղի կ՚ունենայ այսօր, Հայաստանի Գրողներու միութեան մեծ դահլիճին մէջ:

Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս կու գան Գրողներու միութեան նախագահ, բանաստեղծ Եդուարդ Միլիտոնեան, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի տեղակալ, գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեան, գրականագէտ, Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, Գրողներու միութեան քարտուղար, գրականագէտ Պետրոս Դէմիրճեան, բանաստեղծ Արեւշատ Աւագեան, ինչպէս նաեւ արձակագիրներ Մարգար Շարապխանեան, Սէյրանուհի Գեղամեան, Գրիգոր Ճանիկեան եւ Ալիս Յովհաննիսեան:

Թորոս Թորանեանի բանաստեղծութիւններէն պիտի կարդայ Ամիրան Գալստեան, իսկ երաժշտական համարներով հանդէս պիտի գայ Հայաստանի Գուսանական եւ ժողովրդական երգի պետական անսամպլի մեներգիչ Արսէն Համբարեան:

Երեքշաբթի, Մարտ 27, 2018