ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Քիեւի Ռերիխի անուան հանրային գրադարանին մէջ արդէն մէկ ամիսէ ի վեր կը գործԷ հայկական մշակոյթի «Նաւասարդ» թանգարան-սրահը: Պատմականօրէն այնպէս դասաւորուած է, որ գրադարանը երկար ժամանակ համագործակցած է հայ համայնքի հետ, ուստի որոշում ընդունած է հայկական մշակոյթին, գրականութեանն ու արուեստին նուիրուած սրահ բանալ:

Քիեւի Հայ համայնքի կանանց կոմիտէի եւ գրադարանի ներկայացուցիչներու համատեղ ջանքերով հաւաքուած են մեծ թիւով գիրքեր, նկարներ եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան այլ նմոյշներ: Թանգարան-սրահի բացման արարողութիւնը կայացած Է Մայրենի լեզուի միջազգային օրը՝ Ռերիխի անուան գրադարանին մէջ, որ կը գտնուի Քիեւի Երեւանեան 12 հասցէին մէջ, ինչ որ խորհրդանշական է:

Ինչպէս ծանօթ է, Ուքրայնոյ հայ համայնքը ամենամեծ ու կազմակերպուածներէն մէկն է: Այժմ Ուքրայնոյ մէջ կ՚ապրի բազմահազարնոց հայ համայնք մը, հանրապետութեան բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ, ուր կան եկեղեցիներ, դպրոցներ կը գործեն հասարակական-մշակութային կազմակերպութիւններ:

Երեքշաբթի, Մարտ 27, 2018