Երկուշաբթի 13, Յունուար 2025
ԱՐՍԷՆ ՔԵՆԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ՍՈՒՐԻՈՅ 10 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ՏՂՈՑ ԱԽՈՅԵԱՆ
Սուրիոյ ճատրակի 2021 տարեշրջանի տարիքային ախոյենութեան մրցումներուն, Արսէն Քենեան եկաւ բարձր պահելու Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի անունը, երբ յաջողեցաւ հանդիսանալ տղոց 10 տարեկանէն վար ախոյեան: Անոր արձանագրած այս կարեւոր իրագործումը բնականաբար կարելի է նկատել բացառիկ նուաճում մը՝ նկատի ունենալով, որ այս արդիւնքին հասնելու համար անհրաժեշտ է հետեւողականութիւն: Իսկ քաջալերանքի խօսքը կ՚երթայ անոր ծնողքին, որոնք միշտ ալ նեցուկ կը կանգնին անոր:
Կը շնորհաւորենք փոքրիկն Արսէն Քենեանը ու անոր կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ ապագային իր կատարելիք մրցաշարքերուն եւ ախոյենութիւններուն ընթացքին:
Շաբաթ, Մարտ 27, 2021