ԹՈՒՄՕ-Ի ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՐԸ
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր, որ վերջին օրերուն կ՚այցելէ Երեւան, երէկ այցելեց ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը։ Առասպելական արուեստագէտը ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ ԹՈՒՄՕ-ի երդիքին տակ, ուր շրջայց մը կատարեց տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեանի ուղեկցութեամբ։ «Աուրորա» մարդասիրական մրցանակաբաշխութեան արարողութեան մասնակցելու համար Երեւան մեկնած Շարլ Ազնաւուր ԹՈՒՄՕ-ի համալիրէն ներս ունեցաւ վառ տպաւորութիւններ։ Ան այցելեց նկարչութեան եւ երաժշտութեան դասընթացքները, հետեւեցաւ ուսանողներու կարգ մը աշխատանքներուն եւ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ շփուեցաւ երիտասարդներուն հետ։ Ազնաւուր խորապէս տպաւորուեցաւ իր տեսածներով՝ լուսանկարներով եւ այլ գործերով հանդերձ։ ԹՈՒՄՕ-ի տղաքն ալ շատ ջերմ վերաբերմունք ցու-ցաբերեցին Շարլ Ազնաւուրին նկատմամբ։
«Տարիներ առաջ նման բան չկար Հայաստանի մէջ, շատ լաւ գործ կ՚ընէք», ըսաւ առասպելական երգիչը ԹՈՒՄՕ-ի երդիքին տակ՝ ամփոփելով իր տպաւորութիւնները։