ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԾՐԱԳԻՐ
Երեւանի մէջ առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ Օփերայի միջազգային փառատօն մը, որ կը սկսի այսօր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Երեւանի առաջին միջազգային օփերայի փառատօն» կը կոչուի այս մէկը ու կը նախատեսուի, որ ունենայ ամենամեայ բնոյթ։ Այս առաջին փառատօնը ձօնուած է հայ մեծանուն թենոր Գեղամ Գրիգորեանին։ Փառատօնի ծիրէն ներս հանդէս պիտի գան համաշխարհային ճանաչման արժանացած օփերայի երգիչներ։ Փառատօնի գեղարուեստական ղեկավարն է Երեւանի Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Կոնստանդին Օրբելեան։
Փառատօնին շրջագծով նախատեսուած համերգները պիտի շարունակուին մինչեւ շաբաթավերջ։