ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մոս­կուա­յի մէջ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պու­մը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ռուս նա­խա­րա­րին հրա­ւէ­րով կազ­մա­կեր­պուած է այս ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պու­մը, ո­րու նպա­տակն է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու քննար­կու­մը։

Եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը խօ­սէին Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի մի­ջեւ հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պե­լու շուրջ։ Նա­խա­րար­նե­րու այ­սօ­րուան տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ նման սպա­սու­մի մը մթնո­լոր­տին մէջ։ Ե­րե­ւա­նէն կարգ մը քա­ղա­քա­կան մեկ­նա­բան­ներ հա­մո­զուած են, որ նա­խա­րար­նե­րու հան­դի­պու­մը ուղ­ղուած պի­տի ըլ­լայ սահ­մա­նա­յին լա­րուա­ծու­թեան թու­լաց­ման։ 2016-ի Ապ­րի­լի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն վերջ Ռու­սաս­տան ստանձ­նած է յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի աշ­խոյժ միջ­նոր­դի մը դե­րը։ Դէ­տե­րու կար­ծի­քով, այժ­մու փու­լի հիմ­նա­կան խնդի­րը վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի ստեղ­ծուիլն է, իսկ բուն բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցէն ներս դժուար թէ տե­ղա­շարժ մը ըլ­լայ տե­սա­նե­լի ա­պա­գա­յին։

Մոս­կուա­յի այ­սօ­րուան ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պու­մէն ա­ռաջ ԵԱՀԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Լամ­պեր­թօ Զա­նիէր եւս այ­ցե­լեց Ռու­սաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ Խոր-հըր­դակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի այժ­մու փու­լը։

Նոյն­պէս այ­սօ­րուան ե­ռա­կող­մա­նի հան­դիպ­ման ըն­դա­ռաջ թէ՛ Ե­րե­ւա­նի եւ թէ Պա­քուի մէջ շփում­ներ ու­նե­ցաւ ԵՄ-ի Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի հար­ցե­րով յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հեր­պերթ Զալ­պէր։ Այս վեր­ջի­նը ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ ըն­դու­նուե­ցաւ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Զրոյ­-ցի ըն­թաց­քին Սարգ­սեան յայտ­նեց, թէ Հա­յաս­տան կը կա­րե­ւո­րէ Զալ­պէ­րի աշ­խա­տան­քը, ո­րու հիմ­նա­կան նպա­տակն է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հա­մար վստա­հու­թեան մթնո­լորտ ստեղ­ծել կող­մե­րուն մի­ջեւ եւ նպաս­տել ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ջան­քե­րուն։ Սարգ­սեան եւ Զալ­պէր քննար­կե­ցին հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ներ­կայ փու­լի առ­կայ խնդիր­ներն ու մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ ԵՄ-ի յանձ­նա­ռու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման եւ հա­ւա­նա­կան ա­ջակ­ցու­թեան ու­ղի­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Զալ­պէր վստա­հե­ցուց, որ ԵՄ շա­հագրգ­ռուած է հիմ­նախնդ­րի լուծ­մամբ ու կը փա­փա­քի իր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու սահ­ման­նե­րուն մէջ նպաս­տել այդ լուծ­ման՝ ա­ջակ­ցե­լով ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ջան­քե­րուն։

Զալ­պէր ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։ Զրու­ցա­կից­նե­րը շեշ­տե­ցին ան­ցեալ տա­րի Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րու ըն­թաց­քին ձեռք բե­րուած հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ Մոս­կուա­յի այ­սօ­րուան ե­ռա­կող­մա­նի տե­սակ­ցու­թեան։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017