ՃՀՓ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԻ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ՊԻՏԻ ՎԻՃԱՐԿԷ ԵՄԻԱ-Ի ՄՕՏ
16 Ապրիլին տեղի ունեցած հանրաքուէի արդիւնքը կը շարունակէ վէճի առարկայ մնալ Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգին վրայ։ Երէկ, գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ տեղեկացուց, որ կը պատրաստուի հանրաքուէի արդիւնքները վիճարկել Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանին (ԵՄԻԱ) մօտ։ Առանց կնիքի պահարաններով գործածուած քուէներու հարցը այս հանրաքուէի ընթացքին ընդդիմադիր շրջանակներու լուրջ բողոքին պատճառ դարձած էր։ ՃՀՓ նախապէս այս հարցին շուրջ դիմում ներկայացուցած էր Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին, որ վերահաստատած էր արդիւնքները։ Գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը այս իրավիճակին մէջ կը ջանայ նոր նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ՝ հանրաքուէի արդիւնքը վիճարկելու առաջադրութեամբ։
ՃՀՓ-ի բանբերը՝ Սելին Սայէք Պէօքէ երէկ բացատրութիւններ տուաւ կուսակցութեան կողմէ նախատեսուած վերջին քայլերուն շուրջ։ «Քուէարկութեան մասնակցած մեր բոլոր հայրենակիցներու իրաւունքի պաշտպանութիւնը մեզի համար առաջնահերթութիւն է։ Յառաջիկայ շրջանին պիտի դիմենք ԵՄԻԱ-ին», ըսաւ ան։
Պէօքէ նշեց, որ կուսակցութեան իրաւասու մարմինները որոշած են խորհրդարանէն ներս եւ դուրս պայքարիլ՝ հանրաքուէի ապօրինի արդիւնքը փոփոխութեան ենթարկելու համար։