ՕՐ ՕՐԻ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի մէջ օր օրի նորութիւններ կ՚արձանագրուին եւ յեղափոխութեան յաջորդած փուլի անցումային ներկայ ժամանակաշրջանի յարափոփոխ հաւասարակշռութիւնները պղտոր կը պահեն երկրի ընդհանուր պատկերը։ Մինչ երկիրը ընդհանուր առմամբ կայունութեան երաշխիքներ կ՚որոնէ, Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած։

Յեղափոխութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակէ պահել հրապարակի բազկերակը։ Երէկ երեկոյեան, մայրաքաղաք Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ դարձեալ մեծ հանրահաւաք մը տեղի ունեցաւ, մինչ օրուան տեւողութեան շարունակուեցան քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումները։ Նիկոլ Փաշինեան այսօրուընէ սկսեալ կը ձեռնարկէ հանրահաւաքներու Երեւանէ դուրս այլ մեծ քաղաքներու մէջ. ինչպէս՝ Կիւմրի, Վանաձոր եւ այլն։

Այս առաւօտ Երեւանի մէջ նախատեսուած էին Նիկոլ Փաշինեանի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի բանակցութիւնները, սակայն անոնք ջնջուեցան։ Կը հաղորդուի, որ Կարէն Կարապետեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Իսկ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ տեղեկացուց, որ հանդիպում մը ունեցած է Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ։ Մինչ այդ, Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ իրերայաջորդ կոչերով հանդէս գալ՝ որպէսզի պետական կառոյցը մնայ ամուր։

Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեան եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հանդիպում մը ունեցան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։ Ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռէ ներս պաշտօնավարող եպիսկոպոսները, Հայաստանի թեմակալ առաջնորդներն ու Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամները։

Նորին Սրբութիւնը հոգեւոր դասուն անունով մտահոգութիւն յայտնեց հայրենի երկրէն ներս տեղ գտած քաղաքական զարգացումներու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին բերումով։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց, որ քաղաքական գործընթացները ըլլան անցնցում եւ օրինականութեան շրջանակներէն ներս։ Ան յոյս յայտնեց, թէ համընդհանուր ջանքերով, երկխօսութեան միջոցաւ քաղաքական ճգնաժամը հանգուցալուծման պիտի առաջնորդուի՝ նկատի առնելով ազգային շահերը, ի մասնաւորի՝ Արցախի ժողովուրդի ապահով ու անվտանգ կեանքը եւ հայոց պետականութեան անսասանութիւնը։

Առկայ իրավիճակի եւ անոր յաղթահարման ուղիներուն վերաբերեալ լուսաբանութիւններով հանդէս եկան Արմէն Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան, որոնք պատասխանեցին նաեւ հոգեւոր դասու հարցումներուն։

Զրոյցի տեւողութեան կարեւորուեցաւ երկրէ ներս ներքին քաղաքական կայունութեան պահպանումը եւ գործընթացներու իրականացման ճանապարհին օրէնքի եւ սահմանադրութեան անխաթար պահպանումը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 27, 2018