ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԱՐԵՒՈՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀ ԿՏՐԱԾ՝ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻ ՄԷՋ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ վերջին օրերուն Թուրքիոյ պարագային հրապարակուած վիճակագրական տուեալները կը պարզեն յարաբերաբար յուսադրիչ համայնապատկեր մը։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան տեղեկացուց, որ վերջին օրուան ընթացքին կատարուած է 30 հազար 117 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ պարզուած է 2 հազար 357 նոր վարակեալ։ Երէկ համաճարակին զոհ գացած է 99 հոգի։ Նոյնպէս երէկ առողջացած է 3 հազար 558 հիւանդ։ Ներկայ պայմաններով ցարդ Թուրքիոյ մէջ 889 հազար 742 քննութիւն կատարուած է։ Ստուգուած վարակեալներու թիւն է 110 հազար 130։ Դժբախտաբար ցարդ 2 հազար 805 հոգի մահացած է համաճարակի հետեւանքով։ Ներկայիս խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուի 1776 հիւանդ։ 883 հիւանդ ալ ենթակայ է արհեստական շնչառութեան սարքի։ Ցայսօր առողջացած է 29 հազար 140 հիւանդ։

Այս բոլորը կու գան ապացուցանել, որ համաճարակի յաղթահարման ճանապարհին կարեւոր կէտի մը հասած է Թուրքիան։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանան այս դրական տուեալներուն, սակայն երբեք չեն անտեսուիր մասնագէտներու կողմէ տրուած խորհուրդները։ Արդարեւ, այժմու դրական համայնապատկերը ապահովուած է շնորհիւ մեծ զոհողութիւններու եւ անոնց ի կատար ածման տեսակէտէ շատ կարեւոր է միջոց մը եւս կարգապահօրէն հնազանդիլ հաստատուած սահմանափակումներուն։ Մասնագէտներ դիտել կու տան, որ գործընթացի դրական շարունակութիւնը կախում ունի երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացիէ։ Եթէ այս ընթացքը շարունակուի նախատեսուած հունին մէջ, ապա համաճարակի ծաւալման թափը անկում ապրիլ պիտի սկսի՝ եթէ մեծ անակնկալ մը չպատահի։

Վիճակագրական այս դրական տուեալներու մթնոլորտին մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ նաեւ կառավարութեան ժողովը՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ շաբաթավերջի երեք օրերուն ալ փողոց դուրս գալու արգելք հաստատուի Թուրքիոյ մէջ։ Այսինքն, Մայիսի 1-ի ոչ-աշխատանքային օրուան ալ ընդգրկումով՝ եռօրեայ փողոց դուրս գալու արգելք մը պիտի սահմանուի երկրի մեծ քաղաքներէն ներս։ Սա արդէն գրեթէ ենթադրելի էր։

Բաց աստի, Նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան սահմանափակումներու պարագային կարճաժամկէտ կամ երկարաժամկէտ նշանակութեամբ նոր որոշումներ։ Այսպէս, 30 ապրիլին պիտի լրանայ վարժարաններու փակման որոշման ժամկէտը։ Կը նախատեսուի, որ կառավարութեան որոշումով այդ ժամկէտը երկարաձգուի։ Նախարարները պիտի քննարկեն նաեւ 20 տարեկանէ վար եւ 65 տարեկանէ վեր քաղաքացիներու փողոց դուրս գալու արգելքի ճկունացման հնարաւորութիւնը։

Մինչ Թուրքիոյ մէջ բնականոնացման վարկածները աստիճանաբար քննարկման տակ կ՚առնուին, նախագահ Էրտողանն ալ մէկ կողմէ կը վերահսկէ երկրի իրավիճակը, իսկ միւս կողմէ անմիջական կապ կը պահէ աշխարհի ղեկավարներուն հետ։ Կը հաղորդուի, որ Էրտողան ցայսօր աշխարհի 21 երկրի ղեկավարի հետ հեռաձայնով խորհրդակցած է համաճարակով պայմանաւորուած կացութեան եւ յաղթահարման հեռանկարներուն շուրջ։

ՆՈՐ ՎԱՐԿ

Միւս կողմէ, Թուրքիա համաճարակի դէմ պայքարի համար 100 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ վարկ պիտի ստանայ Համաշխարհային դրամատան կողմէ։ NTV-ի հաղորդումներով, համապատասխան որոշումը արդէն հաստատուած է դրամատան ղեկավարութեան կողմէ։ Այս վարկը աւելի քան տասն տարուան ժամկէտով մը պիտի վերադարձուի Թուրքիոյ կողմէ եւ առաջին հինգ տարիները պիտի ըլլան ազատ։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2020