«ՈՒՐԲԱԹ, ՇԱԲԱԹ, ԿԻՐԱԿԻ»
Իզմիրի մէջ կազմակերպուած, Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հարցերուն վերաբերեալ աշխատաժողովը այսօր կ՚եզրափակուի։ Եւրոմիութեան քաղաքացիական հասարակութեան խրախուսման ուղղեալ ծրագիրներու շրջանակին մաս կազմած է այս աշխատաժողովը, որու շրջանակներէն ներս երէկ բացուեցաւ «Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» խորագրեալ յայտնի ցուցահանդէսը։ Այս աշխատաժողովն ու յարակից բոլոր ձեռնարկները նախատեսուած են Իզմիրի հրեայ համայնքի տանտիրութեամբ։ Ի շարունակութիւն՝ ամբողջ նախաձեռնութիւնը անուանուած է «Տեսփերթար», որ լատինօ լեզուով կը նշանակէ զարթօնք։
Աշխատաժողովի բուն աշխատանքը երէկ արդէն նախատեսուած հունին մէջ ընթացաւ, իսկ օրուայ աւարտին, Իզմիրի Քեմերալթը թաղամասի Էթզ-Հայիմ սինակոկէն ներս բացուեցաւ «Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» փաստավաւերագրական լուսանկարներու ցուցահանդէսը։ Նախագիծին մաս կազմեց նաեւ Իզմիրի Սեֆարատներու մշակոյթի փառատօնը։
Ցուցահանդէսի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Իզմիրի հրեայ համայնքի ղեկավար Աւրամ Սեւինթի։ Բացումին խօսք առաւ նաեւ Նեսիմ Պենճույա։ Հարկ է նշել, որ այս ցուցահանդէսը վառ դրուագներ կը ցոլացնէ՝ Թուրքիոյ զանազան կրօններէ կամ դաւանանքներէ հաւաքականութիւններու կեանքէն։ Ցայսօր շատ մեծ ուշադրութեան արժանացած եւ լայն արձագանգ ստեղծած այս ցուցահանդէսը ներկայիս Իզմիրի մէջ կը կրկնուի 15-րդ անգամ։
Ցուցահանդէսի մէջ գործերը ներգրաւուած լուսա-նըկարիչներէն Մկրտիչ Արծիւեան, Ալպերթօ Մոնտիանօ եւ Էմինէ Իւլքերիմ երէկ ներկայ գտնուեցան բացման հանդիսութեան։ Լուսանկարիչներուն անունով արտայայտուեցաւ Ալպերթօ Մոնտիանօ, որ բիւր յարգանքով վերյիշեց իրենց հոգելոյս գործընկերը՝ Նիքոլաս Մանկինասը։
«Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի»ն Իզմիրի մէջ բաց պիտի մնայ մինչեւ մայիսի 10-ը։